Հայոց Ցեղասպանութեան զոհ դարձած հայ գրողներու անգլերէն ժողովածուն ներկայացուած է Պուխարեսթի մէջ

«Հողը կը խօսի»Յուլիս 12-ին Պուխարեսթի Հայկական մշակութային տան մէջ ներկայացուած է «Հողը կը խօսի» անգլերէն ժողովածուն, ուր ամփոփուած են Հայոց Ցեղասպանութեան զոհ դարձած հայ գրողներու ստեղծագործութիւնները: Այս մասին կը յայտնեն ՀՀ ԱԳՆ մամուլի ծառայութենէն:

Գիրքը ներկայացուցած են կազմող եւ հրատարակիչ Տիգրան Գափոյեան, բանաստեղծներ Լեւոն Բլբուլեան եւ Հերմինէ Նաւասարդեան: Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկած են Ռումանիոյ մէջ ՀՀ դեսպան Համլէթ Գասպարեան, Ռումանիոյ Հայոց միութեան նախագահ, Ռումանիոյ գրողներու միութեան փոխ նախագահ Վարուժան Ոսկանեան, Ռումանիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ, Տէր Տաթեւ Եպիսկոպոս Յակոբեան:

Ձեռնարկին յաջորդած զրոյցին ընթացքին քննարկուած են հայ դասական եւ ժամանակակից գրականութիւնը ռումանացի ընթերցողներուն ներկայացնելու հարցեր, որուն շուրջ ձեռք բերուած է նախնական համաձայնութիւն Հայաստանի գրողներու միութեան, Ռումանիոյ Հայոց միութեան եւ Ռումանիոյ մէջ ՀՀ դեսպանութեան միջեւ:

Հայ գրողներու խումբը Յուլիս 8-15 մասնակցած է Ռումանիոյ Արճեշ նահանգին մէջ իրականացուող «Կուրտիա տէ Արճեշի բանաստեղծութեան գիշերներ» միջազգային գրական փառատօնին, որ իր 19-րդ թողարկման շուրջ համախմբած է Ամերիկայի, Ասիոյ, Աւստրալիոյ եւ Եւրոպայի տասնեակ բանաստեղծներ, արձակագիրներ, երաժիշտներ, նկարիչներ եւ գիտնականներ:

Հայաստանի գրողներու միութեան հրատարակութեամբ այս տարի լոյս տեսած ժողովածուին մէջ տեղ գտած են Դանիէլ Վարուժանի, Սիամանթոյի, Ռուբէն Սեւակի, Գրիգոր Զոհրապի եւ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհ գացած արեւմտահայ այլ գրողներու գործերու թարգմանութիւնները:

http://www.yerakouyn.com/?p=85826

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

July 2015
M T W T F S S
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
2728293031  

Արխիւ