Յունական «Յիշողութիւն» պարբերականը կ՛նդրադառնայ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին

Յունական «Յիշողութիւն» ՊարբերականըՀայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին առիթով, ընդարձակ հրատարակութիւն մը կատարեց յունական «Փոքր ասիական յուշեր» միութեան պարբերաթերթը։

Խմբագրական գրութեամբ մը, ինչպէս նաեւ լման երկու էջի վրայ ծաւալող Մաննիկ Աշրեանի յօդուածով եւ յաւելեալ տեղեկութիւններով, յունական Քաւալայի պարբերաթերթի հրատարակութիւնը յարգանքի տուրք էր հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին:

«Առանց պատիժի ոճիր» խորագիրով Մաննիկ Աշրեանի գրութիւնը պատմական փաստերէն անդին, կ՛անդրադառնայ Թուրքիոյ պետական ժխտումի քաղաքականութեան եւ ուրացման ճիգերուն, որ 100 տարի ետք կը շարունակէ հանդէս գալ իր ղեկավարներու կիսատ բերնով արտասանուած «ցաւակցութիւններով», երբ հետզհետէ կը բազմանան թուրք մտաւորականութեան կողմէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու կոչերը:

Յօդուածի կողքին հրատարակուած է նաեւ իսլամացուած հայերու պատմութիւններէն՝ Ֆեթհիյէ Չեթինի գիրքի պարագան, իսկ յատուկ անդրադարձ կայ Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ պոնտոսցի յոյներու ցեղասպանութեան ճանաչման:

Asbarez.com

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

July 2015
M T W T F S S
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
2728293031  

Արխիւ