Թուրքիոյ Ազգայնական շարժում կուսակցութիւնը կը մերժէ մաս կազմել համախոհական կառավարութեան

Պահչելի եւ ՏաւութօղլուԹուրքիոյ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլու երէկ Ազգայնական շարժում կուսակցութեան ղեկավար Տեւլեթ Պահչելիի հետ ունեցած հանդիպումէն ետք տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ նշեալ կուսակցութիւնը կը մերժէ համախոհական կառավարութեան մը մաս կազմել:
Տաւութօղլու աւելցուց, որ կրնայ Պահչելիի հետ յաւելեալ հանդիպումներ ունենալ, եթէ անոնց կարիքը զգացուի:
Տաւութօղլու համախոհական կառավարութեան կազմութեան բանակցութիւններուն ծիրին մէջ երկուշաբթի օր հանդիպում ունեցած էր Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան ղեկավար Քեմալ Քըլըճտարօղլուի հետ: Շուրջ մէկ ժամ քառասուն վայրկեան տեւած հանդիպումէն ետք վարչապետը նշած էր, որ հանդիպումը անցած է «անկեղծ եւ ընկերական մթնոլորտի մէջ»: Ան յայտնած էր, որ քննարկումներուն ընթացքին անդրադարձ չէ կատարուած նախագահի պաշտօնին եւ ատոր գործունէութիւններուն: Բայց եւ այնպէս նշած էր, որ համախոհական կառավարութիւն կազմելու հարցին մէջ իրենք նոյն հեռաւորութեան վրայ են քեմալական եւ ազգայնական կուսակցութիւններէն:
http://www.aztagdaily.com/archives/249444

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

July 2015
M T W T F S S
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
2728293031  

Արխիւ