Քոնկրէսականներ Էշու եւ Սփայըր Յորդորած են քուէրակութեան դնելու «Հայոց Ցեղասպանութեան ճշմարտութեան եւ արդարութեան» բանաձեւը

Աննա Էշու եւ Ճեքի ՍփայըրԱՄՆ քոնկրէսականներ Աննա Էշու եւ Ճեքի Սփայըր դիմած են Ներկայցուցիչներու պալատի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովին` Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող 154-րդ բանաձեւը քուէրակութեան դնելու խնդրանքով: Ինչպէս «Արմէնփեսե»-ին տեղեկացուցած են Հայ դատի ԱՄՆ յանձնախումբէն, Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ Էդ Ռոյսին եւ նոյն յանձնաժողովի բարձրաստիճան պաշտօնեայ Էլիոթ Էնկելին ուղղուած նամակին մէջ քոնկրէսականները միջնորդած են լսումներ կազմակերպել եւ քուէրակութեան դնել «Հայոց ցեղասպանութեան ճշմարտութեան եւ արդարութեան» բանաձեւը:

Նամակին մէջ նշուած է նաեւ, որ Աննա Էշուն եւ Ջեքի Սփայերը ԱՄՆ նախագահի պատուիրակութեան կազմին մէջ Հայաստանի մէջ մասնակցած են Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին:

ԱՄՆ Քոնկրէսի Ներկայացուցիչներու պալատի անդամներ Ռապըրթ Տոլտ (հանրապետական), Ատամ Շիֆ (դեմոկրատ), Տէվիտ Ուալատաօ (հանրապետական), Ֆրենք Փալոնէ (դեմոկրատ) եւ 40 այլ քոնկրէսականներ 2015 թուականի Մարտ 18-ին կրկին ներկայացուցած են «Հայոց ցեղասպանութեան ճշմարտութեան եւ արդարութեան բանաձեւը», որ կոչ կ՛ընէ Միցաեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամային հայ-¬թրքական յարաբերութիւնները կառուցել Թուրքիոյ կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան իրողութեան ճանաչման հիմքով: Բանաձեւին նպատակն է նաեւ ստեղծել Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած արդար եւ ամբողջական միջազգային արխիւ:

http://www.yerakouyn.com/?p=85571

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

July 2015
M T W T F S S
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
2728293031  

Արխիւ