Երեւանի մէջ տեղի պիտի ունենայ Հրանդ Տինքին նուիրուած երաժշտական թատերգութեան առաջին ելոյթը

Ճենք ԹաշքանՍեպտեմբեր 24-ին Երեւանի մէջ տեղի պիտի ունենայ Հրանդ Տինքին նուիրուած երաժշտական թատերգութեան (oratorio-տրամաթիք թեմայով գրուած երաժշտական ծաւալուն ստեղծագործութիւն` երգչախումբի, մենակատարներու եւ նուագախումբի համատեղ կատարման համար սրբազան թատրերգութիւն, մաղթանուագ) անդրանիկ համերգը:

Մաղթանուագի երաժշտութեան հեղինակն է Թուրքիա բնակող հայ երգահան Ճենք Թաշքանը (Մաժակ Թոշիկեան), իսկ խօսքերուն հեղինակը Պերճուհի Պերպերեանը:

Ըստ Ermenihaber.am-ի, որ կը վկայակոչէ թրքական «Tr.sputniknews.com» լրատուական կայքը` անդրանիկ համերգը տեղի պիտի ունենայ Սեպտեմբեր 24-ին Երեւանի մէջ նախատեսուած Մաժակ Թոշիկեանի համերգի ծիրէն ներս: Կը նշուի է նաեւ, Թոշիկեանը հրաւիրուած է հայկական կողմէն:

Երգահանի հայերէն ստեղծագործութիւնները պիտի կատարեն Պարթեւ Գարեանը, Սիպիլ Փեկթորոսօղլուն եւ Լիտա Քէոշէօղլուն:

Համերգին 2-րդ մասին մէջ նախատեսուած մաղթանուագի անդրանիկ ներկայացման ընթացքին բեմին վրայ Թոշիկեանի հետ հանդէս պիտի գայ «Լուսաւորիչ» երգչախումբը խմբավար Յակոբ Մամիկոնեանի ղեկավարութեամբ, ինչպէս նաեւ մենակատարներ Գէորգ Դաւիթեանը, Այլին Աթէշը ու Պօղոս Եղիազարը:

Աղբիւրի հաղորդմամբ` պոլսահայ երգահանը ըսած է, որ իրեն համար մեծ պատիւ է առաջին անգամ Երեւանի մէջ որպէս երգահան հանդէս գալը: Թոշիկեան նշած է նաեւ, որ Հրանդ Տինքին նուիրուած մաղթանուագը 2016 թուականի յունուարին կը նախատեսուի բեմադրել Լոս Անճելըսի մէջ:

http://www.yerakouyn.com/?p=85479

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

July 2015
M T W T F S S
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
2728293031  

Արխիւ