Երեւանի մէջ սկիզբ առած է «Ցեղասպանագէտներու միջազգային ընկերակցութեան» 12-րդ գիտաժողովը

«Ցեղասպանագէտներու Միջազգային Ընկերակցութեան» 12-րդ Գիտաժողովը«Ցեղասպանագէտներու միջազգային ընկերակցութեան» 12-րդ գիտաժողովը սկսած է Հայաստանի մէջ: Գիտաժողովը նուիրուած է Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ եւ Համաշխարհային Բ. պատերազմին ու Ողջակիզումի 70-րդ տարելիցներուն: Բացումին ներկայ եղած է Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան:

«20-րդ դարու ցեղասպանութիւնների համեմատական վերլուծութիւն» խորագիրը կրող համաժողովը պիտի շարունակուի մինչեւ 12 յուլիս: Այս տարի «Ցեղասպանագէտներու միջազգային ընկերակցութեան» 12-րդ համաժողովին կը մասնակցին ցեղասպանագիտութեան եւ յարակից մարզերուն մէջ շուրջ 180 մասնագէտներ աշխարհի տարբեր երկիրներէ: 12-րդ գիտաժողովը Հայաստանի մէջ կազմակերպած է Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկը:

1997-ին «Ցեղասպանագէտներու միջազգային ընկերակցութիւնը» ճանչցած է Հայոց ցեղասպանութիւնը, իսկ 2010-ին ստացած է Հայաստանի նախագահի ` Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման գործին մէջ նշանակալի աւանդին համար շնորհուող մրցանակը: Ընկերակցութեան նպատակն է հետազօտել եւ ուսուցանել աշխարհին մէջ տեղի ունեցած ցեղասպանութիւններուն պատճառները` կանխարգիլելու համար նորերը:

http://www.aztagdaily.com/archives/248727

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

July 2015
M T W T F S S
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
2728293031  

Արխիւ