Ազգային արխիւը պիտի հրատարակէ «Հայ եկեղեցու կալուածքները Օսմանեան Թուրքիայում» իրաւական փաստաթուղթերու ժողովածուն

Ամատունի ՎիրաբեանԵՐԵՒԱՆ, «ՓանԱրմինիըն».– Հայաստանի Ազգային արխիւը աշնան պիտի հրատարակէ «Հայ Եկեղեցու Կալուածքները Օսմանեան Թուրքիայում» աշխատութիւնը՝ օսմաներէն լեզուով, ուր պիտի ներկայացուին զուտ արխիւային փաստաթուղթեր: Այս մասին յայտնած է արխիւի տնօրէն Ամատունի Վիրաբեան:
Ան նկատել տուած է, թէ աշխատութեան հրատարակութիւնը կարեւոր է, քանի որ հայաստանեայց եկեղեցւոյ կալուածներուն հարցը այսօր արդիական է:
«Մասնաւորապէս գիտենք, որ Մեծի տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը Թուրքիայի Սահմանադրական դատարանին հայց է ներկայացրել՝ Սիսի կաթողիկոսարանը վերադարձնելու պահանջով: Մենք կը հրատարակենք փաստաթղթերը օսմաներէնով եւ դրանց հայերէն թարգմանութիւնները, փաստաթղթերը կը լինեն լուսանկարի ձեւով, այնպէս ինչպէս բնագիրն է: Աշխատութիւնը հաւանաբար կը թարգմանուի նաեւ անգլերէն: Կան սեփականութեան վկայականներ, որոնք ժամանակին տրուել են Օսմանեան Թուրքիայում այս եկեղեցիների հողերի, կալուածքների համար», յայտնած է Վիրաբեան, ըստ «Թերթ»ին։
Բացի ատկէ, Վիրաբեան տեղեկացուցած է, որ այս տարի Ազգային արխիւը կը պատրաստուի մասնակցելու «Միւռոնօրհնութեան» արարողութեան, զոր հայ եկեղեցին 7 տարին անգամ մը կը կատարէ։
«Միւռոնի եփելն է լինելու, եւ մենք որոշեցինք մեզ մօտ պահպանուող բոլոր փաստաթղթերը, որոնք վերաբերում են հայոց եկեղեցու այդ գլխաւոր արարողութեանը, հրապարակել: Կը ներառենք նաեւ տեղեկութիւններ, թէ ինչ ծաղիկներից են պատրաստում միւռոնը եւ այլն», յայտնած է Ազգային արխիւի տնօրէնը:
Անդրադառնալով ծրագիրներուն՝ Վիրաբեան նաեւ տեղեկացուցած է, որ Ֆրանսայի դեսպանատան հետ առցանց թանգարան ստեղծած են՝ նուիրուած Համաշխարհային Ա. պատերազմին հայերու մասնակցութեան, Հայոց Ցեղասպանութեան եւ հայ–ֆրանսական յարաբերութիւններուն:
Asbarez.com

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

July 2015
M T W T F S S
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
2728293031  

Արխիւ