Ցեղասպանութեան վերաբերեալ Գըրգորեանի շարժանկարը պիտի նկարահանուի

Գըրգ Գըրգորեանի նախատեսած շարժանկարըՀայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ Գըրգ Գըրգորեանի նախատեսած շարժանկարը պիտի նկարահանուի: Այս մասին, ըստ Artsakhpress.am-ի, կը յայտնէ Showbiz411.com-ը, որ նախապէս մանրամասներ յայտնած է Հայոց Ցեղասպանութեան մասին Գըրգորեանի հովանաւորած շարժանկարէն:

Ըստ աղբիւրին՝ «Խոստում» (The Promise) վերնագիրով շարժանկարի նկարահանումները պիտի շարունակուին: Այնտեղ հանդէս պիտի գան հոլիվուտեան աստղեր Քրիստիան Պէյլը եւ Օսքար Այզեքը:

«Խոստում» պիտի նկարահանէ Survival Pictures ընկերութիւնը, որ կը ղեկավարեն Էրիք Էսրայիլեանը եւ Էնթընի Մանտեգիչը: Գըրգորեանի Tracinda Corporation-ը այս ձեւով պիտի ֆինանսաւորէ Survival ընկերութիւնը:

Գրքորեանի իրաւաբան Փադրիշա Կլէյզըր այս առիթով ըսած է, որ Survival Pictures-ը ծնած է Գըրգորեանի անյագ ցանկութենէն` պատմել ու ներկայացնել ոգեշնչող մարդկային պատմութիւններ ամբողջ աշխարհի հանդիսատեսին:

Անոր բնորոշումով` «Խոստում»-ը պիտի ըլլայ հոյակապ սիրային պատմութիւն, ինչպէս նաեւ` առաջամարտիկ` մարդու իրաւունքներու ասպարէզին մէջ: Կլէյզըր ըսած է նաեւ, որ Գըրգորեան շատոնց կ՝երազէր անձամբ մասնակցիլ շարժանկարի ստեղծման եւ դերասանական կազմի ընտրութեան աշխատանքներուն:

http://www.yerakouyn.com/?p=85401

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

July 2015
M T W T F S S
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
2728293031  

Արխիւ