Պելճիքայի խորհրդարանի արտաքին յանձնաժողովը որդեգրեց Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւը

Պելճիքայի ԽորհրդարանԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- «Յանուն արդարութեան եւ ժողովրդավարութեան» Եւրոպական հայկական դաշնակցութեան կայքէն քաղելով՝ «Նիուզ» կը հաղորդէ, որ յուլիս 7ին, Պելճիքայի խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովը Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող եւ դատապարտող բանաձեւ որդեգրեց:

Ընդունուած է խորհրդարանական մեծամասնութեան ներկայացուցած բանաձեւը:

Քննարկումներէն ետք բանաձեւը ընդունուած է, բայց ոչ միաձայն: Ընկերվարական կուսակցութիւնը, «Մարդասիրական ժողովրդավարական կեդրոն» կուսակցութիւնը եւ «Էքօլօ»ն ձեռնպահ քուէարկած են:

Իշխող մեծամասնութիւնը մերժած է ընդդիմութեան առաջարկած փոփոխութիւնները:

Խորհրդարանական մեծամասնութիւնը իր նախագիծը ներկայացուցած է արտահերթ քննարկման, նախքան ամառնային արձակուրդները:

Սակայն բանաձեւի իրենց նախագիծերը ներկայացուցած են նաեւ «Մարդասիրական ժողովրդավարական կեդրոն» կուսակցութիւնը, Ընկերվարական կուսակցութիւնը եւ «Ֆլամանտական շահ» կուսակցութիւնը:

Նշենք, որ Պելճիքայի վարչապետ Շարլ Միշէլ, Յունիս 18ին, երկրի Ներկայացուցիչներու պալատին մէջ ունեցած ելոյթի ընթացքին, իր կառավարութեան անունով ճանչցած էր Հայոց Ցեղասպանութիւնը:

«Կը կարծեմ, որ 1915-1917 թուականներու ողբերգական իրադարձութիւնները, զորս նախաձեռնած էր Օսմանեան կայսրութեան վերջին կառավարութիւնը, պէտք է որակուին որպէս ցեղասպանութիւն», ըսած էր վարչապետը:
Յիշեցնենք, որ Պելճիքայի Ծերակոյտը, 1998ին, յատուկ բանաձեւով ճանչցած էր Հայոց Ցեղասպանութիւնը:

http://horizonweekly.ca/news/details/69711

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

July 2015
M T W T F S S
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
2728293031  

Արխիւ