ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Պոլսոյ հայոց պատրիարքական փոխանորդ Արամ արք. Աթէշեան այցելած է Ուրֆայի մէջ սուրիացի գաղթականներու վրանային ճամբար: Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանի պաշտօնական կայքին համաձայն՝ Աթէշեան հանդիպում ունեցած է սուրիական Քոպանի շրջանին մէջ սպաննուած Յովսէփ Թովմասեանի եղբայրներուն՝ Յակոբին եւ Սերոբին, ինչպէս նաեւ անոնց եղբօրորդիին՝ Րաֆֆիին ու լսած անոնց պատմութիւնը։
Աւելի ուշ Աթէշեան սրբազան հանդիպում ունեցած է նաեւ Ուրֆայի նահանգապետ Իզզետտին Քիւչուքի հետ: Հանդիպման աւարտին Պոլսոյ հայոց պատրիարքական փոխանորդը նահանգապետին նուիրած է հայաստանցի վարպետներու ձեռագործ փայտէ պտղաման մը:
Asbarez.com

Աթէշեան արք. հանդիպում ունեցած է Սուրիայէն գաղթական հայերու հետ
•
Leave a Reply