Արագած Ախոյեան վճռական Է Մուշի հայկական գերեզմանատան բարեկարգման օժանդակելու հարցով

ՄուշՀայաստանի Ազգային ժողովի պատգամաւոր Արագած Ախոյեան շահագրգռուած է Արեւմտեան Հայաստանի մէջ Մուշի հայութեան պահպանուած գերեզմանատունը բարեկարգելու հեռանկարով: Գերեզմանատունը կ՛ընդգրկէ շուրջ 8 հազար քմ. տարածք, ուր կը գտնուի նաեւ Գէորգ Չաուշի գերեզմանը: «Արմէնփրես»-¬ի հետ զրոյցի ընթացքին Արագած Ախոյեան նշած է, որ տեղի հայութիւնը նոյնպէս շահագրգռուած է այդ գերեզմանատունը բարեկարգելու հարցով, իսկ ինք ամէն ինչ պիտի ընէ, որպէսզի աջակցի անոնց: «Ես Յուլիսի 8¬-ին կը լինեմ Արեւմտեան Հայաստանում, տեղում կը տեսնեմ ինչ կարող ենք անել: Կարծես թէ գերեզմանատունը բարեկարգելու, ցանկապատելու թոյլտւութիւնն արդէն կայ: Տեղում կը տեսնենք, թէ ինչ է արուած: Դա եղել է Մուշի հայութեան գերեզմանոցը, որն այսօր պահպանուած է, եւ մենք պէտք է անենք հնարաւորը այն բարեկարգելու համար: Ես օգտագործելու եմ իմ կապերը, բոլոր հնարաւորութիւնները` նախաձեռնութիւնը կեանքի կոչելու համար»,- նշած է Ախոյեան:

Պատգամաւորը գերեզմանոցի վերականգնումը կարեւոր կը համարէ առաջին հերթին, որովհետեւ շատ ծպտեալ հայեր կը մտածեն` ո՞ւր իրենց պիտի թաղեն, եթէ իրենք վերադառնան իրենց արմատներուն եւ նորէն քրիստոնէութիւն ընդունին: «Իսլամական գերեզմանոցում այդ դէպքում, բնականաբար, չեն կարող նրանց թաղել, իսկ հայկական գերեզմանոց, ըստ էութեան չկայ: Դրա համար հարկաւոր է կեանքի կոչել այս կարեւոր նախաձեռնութիւնը»,¬- ընդգծած է Ախոյեան:

Արեւմտեան Հայաստանի մէջ իրականացուելիք միւս ծրագիրներու մասին Արագած Ախոյեան չուզեց մանրամասնութիւններ հաղորդել` ընդգծելով, որ այդ մասին կը խօսի վերադառնալէն ետք: Անոր խօսքով` ընդունուած է երթալէն առաջ ոչինչ ըսել, իսկ վերադառնալէն ետք խօսիլ այնքան, որքան կարելի է:

Ախոյեանն անդրադարձաւ նաեւ Արագածոտնի մարզի մէջ Արշակունիներու դամբարանի պեղումներու ընթացքին` ընդգծելով, որ արդէն բաւական աշխատանք կատարուած է, կան բաւական հետաքրքրական գտածոներ: «Ես նախաձեռնել եմ, որ պետութիւնը միջոցներ յատկացնի այդ պեղումները սկսելու համար, եւ կարող եմ ասել, որ շատ գոհ ենք արդիւնքներից, քանի որ բաւականին հետաքրքիր գտածոներ կան: Ես հետեւողական եմ լինելու, որպէսզի կառավարութիւնը նոր տարուայ պիւջէով կրկին յատկացումներ անի, որպէսզի աշխատանքներն այնտեղ չկանգնեն»,-¬ վստահեցուց Ախոյեան` ընդծելով, որ եթէ հայերու համար հոգեւոր սրբութիւնը Մայր Աթոռն է, ապա աշխարհիկ սրբութիւնը Արշակունիներու հարստութեան դամբարանն է, որ ուսումնասիրութեան կարիք ունի:

http://www.yerakouyn.com/?p=85317

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

July 2015
M T W T F S S
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
2728293031  

Արխիւ