Թուրքիոյ գլխաւոր ընդդիմադիր ուժը համարուող Ժողովրդահանրապետական կուսակցութեան (ԺՀԿ – CHP)` Մշակոյթի եւ արուեստի հարթակը, 2015-ի Յունիս ամսուան վերաբերեալ «Արուեստի ոլորտին ուղղուած ճնշումները եւ գրաքննութիւնը» թեմայով հաշուետուութիւն մը հրապարակած է:
Ըստ Ermenihaber.am-ի՝ թրքական «Demokrathaber» լրատուակայքը կը փոխանցէ, որ հաշուետուութեան մէջ տեղ գտած են արուեստի ճիւղերու սահմանափակումներու եւ բռնութիւններու 10 դէպք: Անոնց շարքին ուշագրաւ են յատկապէս հայերու եւ Հայաստանի նկատմամբ անհանդուրժող վերաբերմունքի օրինակները:
Մասնաւորապէս, հաշուետուութեան մէջ կը քննադատուած են հայ դաշնակահար Տիգրան Համասեանի` Անիի աւերակներուն մէջ կազմակերպած համերգներուն վերաբերեալ Կարսի քաղաքապետ Մուրթազա Քարաչանթայի` ատելութեամբ լի յայտարարութիւնները եւ գորշ գայլերու « Ülkü Ocaklar»է (Իտէալիստական օճախներ) անուամբ ծայրայեղական աջակողմեան երիտասարդական կառոյցի Կարսի մասնաճիւղի ղեկավար Թոլգա Ատկիւզելի` Կարսի փողոցներուն մէջ «հայերու որսի դուրս գալու» սպառնալիքները:
ԺՀԿ-ի հաշուետուութեան մէջ տեղ գտած է նաեւ «Մարդասիրութեան յուշակոթող»-ի առթիւ խտրականութեան եւ ատելութան դրսեւորումները:
Թուրք քանդակագործ Ահմեթ Աքսոյի հեղինակած «Մարդասիրութեան արձան»-ը կառուցուած էր 2006-ին` Կարսի մէջ` որպէս Հայաստանի հանդէպ բարեացակամութեան եւ համերաշխութեան խորհրդանիշ: էրտողան առիթով մը այդ արձանի մասին յայտարարած էր, թէ անիկա «այլանդակ» տեսք ունի, որմէ կարճ ժամանակ անց դեռ անաւարտ արձանը քանդուած էր` պահպանութեան գօտիի մէջ կառուցուած ըլլալու պատրուակով:
Արձանին վերաբերեալ վիրաւորական արտայայտութեան համար դատարան դիմած քանդակագործը 10 000 թրքական լիրայի փոխհատուցում շահած է: Դատը շահելէ ետք տուած հարցազրոյցի մը ժամանակ լրագրողը Աքսոյին հարցուցած է, թէ արդեօք շահած գումարը պիտի ներդնէ արձաններ կառուցելու գործին: Ի պատասխան` քանդակագործը ըսած է. « Ես հարամ փողը արձանի կառուցման համար չեմ օգտագործեր»: Այս արտայայտութեան համար 2015-ի Յունիսին Աքսոյի նկատմամբ քրէական գործ յարուցուած է ` Էրտողանը վիրաւորելու մեղադրանքով եւ պահանջուած է 4-8 ամիս ազատազրկում: Աքսոյը ինքզինք մեղաւոր չէ ճանչցած:
http://www.yerakouyn.com/?p=85071
Leave a Reply