«Քէյեան» վարժարանը մասնակցած է Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւիրամեակի նախաձեռնութեանց

«Քէյեան» ՎարժարանըՖՐԵԶՆՕ, «Արեգակ».- Հայկական բոլոր վարժարաններուն նման, Չարլի Քէյեան համագա-ղութային հայ վարժարանը անցնող տարեշրջանի ընթացքին շարք մը նախաձեռնութիւններ իրականացուցած է Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին առիթով, միաժամանակ մասնակցելով այդ նպատակով գաղութին մէջ կազմակերպուած շարք մը ձեռնարկներու։

Աշակերտները ներկայ եղած են Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղին մէջ տեղի ունեցած Հայոց Ցեղասպանութեան յուշարձանի բացման արարողութեան, քաղաքապետարանին առջեւ եւ Ս. Պօղոս եկեղեցույ մէջ տեղի ունեցած ոգեկոչման համագաղութային ձեռնարկներուն եւ Ֆրեզնոյի համալսարանին մէջ կայացած ոգեկոչման ձեռնարկին։

Քէյեան վարժարանի աշակերտները նաեւ ներկայ եղած են Ֆրեզնօ գաւառի վերահսկիչներու խորհուրդի Ապրիլ 23ի ժողովին, որուն ընթացքին վաւերացուած էր վերահսկիչ Անտրէաս Պորկասի հովանաւորութիւնը վայելող բանաձեւ մը՝ պաշտօնապէս ճանչնալով Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախութիւնը: Ֆրեզնօ գաւառի վերահսկիչներու խորհուրդը իր այդ որոշումով հանդիսացաւ Քալիֆորնիոյ առաջին գաւառը, որ Արցախի անկախութիւնը պաշտօնապէս կը ճանչնայ:

Asbarez.com

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

July 2015
M T W T F S S
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
2728293031  

Արխիւ