Թուրքիոյ գլխաւոր ընդդիմադիր Ժողովրդահանրապետական կուսակցութեան կողմէ պատգամաւոր դարձած Սելինա Տողան իր առաջին գրաւոր հարցադրումը ուղղած է Թուրքիոյ վարչապետ Ահմեդ Տաւութօղլուին:
Ինչպէս կը տեղեկացնէ News.am-ը՝ վկայակաչելով՝ Պոլսոյ հայկական «Ակօս»-ը, Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ կին պատգամաւոր Սելինա Տողան վարչապետ Ահմեդ Դաւութօղլուին ուղղուած իր գրաւոր հարցադրման մէջ պահանջած է պատասխանել այն պնդումներուն, թէ վերջին օրերուն Սուրիոյ քրտաբնակ Քոբանիի խաղաղ բնակչութեան կոտորած կազմակերպած իսլամիստ ահաբեկիչները Թուրքիայէն ներխուժած են:
Հարցադրման մէջ նաեւ շեշտուած է, թէ անհրաժեշտ է տեղեկութիւն հաղորդել, որ Թուրքիոյ մէջ «Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման դէմ որեւէ գործողութիւն կատարուա՞ծ է, քանի՞ հոգի ձերբակալուած է, քանի՞ հոգիի դէմ դատական գործ յարուցուած է:
http://www.yerakouyn.com/?p=84810
Leave a Reply