Վէրժիհան Զիֆլիօղլուի գիրքը PKK-ի զինեալ պայքարին միացած եւ իսլամացած հայերու մասին է

Araftaki Ermenilerin HikayesiՅառաջիկայ օրերուն Իսթանպուլի İletişim հրատարակչատունը պիտի հրապարակէ պոլսահայ լրագրող եւ հրապարակագիր Վէրժիհան Զիֆլիօղլուի «Արաֆի հայերու պատմութիւնը» գիրքը (Araf’taki Ermenilerin Hikayesi):
Գիրքը կը ներկայացնէ վկայութիւնները այն հայերուն, որոնք մասնակից դարձած են 1980-ական եւ 1990-ական թուականներուն թրքական իշխանութիւններուն դէմ ծաւալած ՔԱԿ-ի (Քրտական Աշխատաւորական Կուսակցութիւն, PKK) զինեալ պայքարին, ինչպէս նաեւ պատմութիւնները այն հայերուն, որոնց նախահայերը Հայոց Ցեղասպանութեան օրերուն դաւանափոխ դառնալով իսլամացած են: Գիրքը կ՚անդրադառնայ նաեւ այն թուրքերուն, որոնք Մեծ Եղեռնի օրերուն փրկած են հայեր:
Վէրժիհան Զիֆլիօղլու այս գիրքին վրայ աշխատած է 12 տարի:
http://horizonweekly.ca/news/details/69323

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

June 2015
M T W T F S S
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
2930  

Արխիւ