«Քեմփ Արմէն»-ը Ցեղասպանութեան ապացոյցն է. Փայլան

քայլարշաւՊոլսոյ Թուզլա թաղամասին մէջ գտնուող «Արմէն» ճամբարը հայութեան վերադարձնելու նպատակով, Ուրբաթ, Յունիս 26-ին դարձեալ տեղի ունեցած է քայլարշաւ մը: «Հապերլեր» լրատուական կայքը տեղեկացուցած է, թէ Պոլսոյ «Թունել» հրապարակ հաւաքուած բազմութիւնը քալած է դէպի Կալաթասարայի ուսումնարան: Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber.am-ը։
«Նոր Զարթօնք» եւ «Արմէն» ճամբարին զօրակցող կազմակերպութեան անդամները կրած են «Հէ՜յ մարդկութիւն, բողոք ունիմ։ Մեզ նետած են մեր իսկ ստեղծած քաղաքակրթութենէն դուրս» ըսող պաստառներ: Մասնակիցները ըրած են նաեւ տարբեր կոչեր, օրինակ՝ «Այս դեռ սկիզբն է», «Պայքարը պիտի շարունակուի» եւ «Բոլորս Հրանդ ենք, բոլորս հայ ենք»:
Քայլարշաւէն ետք ելոյթ ունեցած է քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան պատգամաւոր Կարօ Փայլան։ Ան յայտնած է, որ հայկական որբանոց-ճամբարի վերադարձին համար պայքարը պիտի շարունակուի: «52 օր է, որ կը պայքարինք, սակայն 100 տարի արդարութեան կը սպասենք: Անոնք, որոնք 100 տարի առաջ գործուած յանցանքին չեն նայիր, որոնք զայն պատմաբաններուն կը ձգեն, թող նային «Քեմփ Արմէն»ին: «Քեմփ Արմէն»ը Ցեղասպանութեան փաստացի ապացոյցն է: Ինչպէս, որ անիկա պետութեան որոշումով յափշտակուած է, այնպէս ալ պետութեան կողմէ պէտք է վերադարձուի», նշած է Փայլան:
http://www.yerakouyn.com/?p=84744

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

June 2015
M T W T F S S
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
2930  

Արխիւ