Տաւութօղլու կը խօսի Ազգայնական շարժումին հետ կառավարութիւն կազմելու մասին

ՏաւութօղլուԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Թուրքիոյ վարչապետ եւ իշխող Արդարութիւն ու բարգաւաճում կուսակցութեան նախագահ Ահմետ Տաւութօղլու յայտնած է, որ առաջնահերթութիւն պիտի տայ Ազգայնական շարժում կուսակցութեան (MHP) հետ համախոհական կառավարութիւն կազմելու ջանքին: Ան այս հաստատումը կատարած է իր կուսակցութեան պատգամաւորներուն հետ հանդիպումի մը ընթացքին:
Թրքական «T24» լրատուական կայքը կը գրէ, որ Տաւութօղլու նաեւ տեղեկութիւններ տրամադրած է Յունիս 7ին Թուրքիոյ մէջ կայացած խորհրդարանական ընտրութիւններու արդիւնքներուն շուրջ կատարուած վերլուծութեանց մասին:
Asbarez.com

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

June 2015
M T W T F S S
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
2930  

Արխիւ