«Արեւմտահայերէնի եւ արեւելահայերէնի մերձեցման խնդիրներ» թեմայով համաժողով

Hayastan-SpyurkՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը եւ ՀՀ ԳԱԱ Հ. Աճառեանի անուան լեզուի ուսումնարանը սիրով կը հրաւիրեն մասնակցելու «Արեւմտահայերէնի եւ արեւելահայերէնի մերձեցման խնդիրներ» թեմայով համաժողովին, որ տեղի պիտի ունենայ 2015 թ. Յուլիս 29-30 ՀՀ ԳԱԱ նախագահութեան նիստերու դահլիճին մէջ:

Հայաստանի եւ Սփիւռքի մասնագէտները, մտաւորականները կը հրաւիրենք մասնակցելու քննարկումներուն` հետեւեալ ուղղութիւններով.

Արեւմտահայերէնի պահպանութեան, գործառութեան, ուսուցման, կանոնարկման խնդիրներ.

Արեւմտահայերէնի եւ արեւելահայերէնի մերձեցման խնդիրներ.

Հայերէնի առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներ:

Համաժողովին մասնակցիլ ցանկացողներուն կը խնդրենք յայտադիմումները ներկայացնել մինչեւ 2015 թ. Յուլիս 20:

Կը խնդրենք Ձեր զեկուցման դրոյթներն ու առաջարկները ուղարկել մինչեւ ս.թ. Յուլիս 25, lingvinst@sci.am էլ. փոստով:

Համաժողովի մասին տեղեկատւութիւն կրնաք ստանալ` այցելելով ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան կայքէջեր` www.mindiaspora.am, www.hayernaysor.am եւ ՀՀ ԳԱԱ Հ. Աճառեանի անուան լեզուի ուսումնարանի կայքէջ` www.language.sci.am:

Հարցերու կամ լրացուցիչ տեղեկութիւններու համար կրնաք զանգահարել ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան համահայկական ծրագիրներու վարչութեան գիտակրթական ծրագիրներու բաժինի պետ Սիրվարդ Համբարեանին, հեռ` +374 010 58 56 01 (117) եւ ՀՀ ԳԱԱ Հ. Աճառեանի անուան լեզուի ուսումնարանի հայոց լեզուի պատմութեան բաժինի վարիչ, բ.գ.թ., դոցենտ Գայեանէ Մխիթարեանին, հեռախօս` +374 55 35-12-85:

ՀՀ ՍՓԻՒՌՔԻ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ
ՀՀ ԳԱԱ Հ. ԱՃԱՌԵԱՆԻ ԱՆՈՒԱՆ ԼԵԶՈՒԻ ԻՆՍՏԻՏՈՒՏ

http://www.yerakouyn.com/?p=84620

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

June 2015
M T W T F S S
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
2930  

Արխիւ