Պելճիքայի Ներկայացուցիչներու տունը 7 յուլիսին քուէարկութեան պիտի դնէ Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւը

ՊելճիքաԵւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի հաղորդակցութեանց պատասխանատու Պետօ Տեմիրճեան «Արմէնփրես» լրատու գործակալութեան յայտնած է, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւի նախագիծը Պելճիքայի Ներկայացուցիչներու տան մէջ քուէարկութեան պիտի դրուի 7 յուլիսին:
Ըստ անոր, խորհրդարանին մէջ ներկայացուած կուսակցութիւնները 24 յունիսին քննարկած են Ֆլամանտական նոր դաշինք համախոհական կուսակցութենէն Փիթեր տը Ռուվերի ներկայացուցած բանաձեւի նախագիծը: Փաստաթուղթը բանակցային հանգրուանի մէջ է, եւ տակաւին լուրջ մշակման կարիք ունի: «Ընդդիմադիր ուժերը գոհ չեն նախագիծէն եւ կը քննադատեն կառավարութիւնը Անգարայի հետ համագործակցութեան մէջ, որովհետեւ բանաձեւը աւելի մեղմ է, քան վարչապետին յայտարարութիւնը: Կուսակցութիւնները իրենց առաջարկները պիտի ներկայացնեն նախագիծին վերաբերեալ` եւ ատոր իբրեւ արդիւնք պիտի ներկայացուի մէկ նախագիծ», բացատրած է Տեմիրճեան:
Յիշեցնենք, որ Պելճիքայի վարչապետ Շարլ Միշել 18 յունիսին Ներկայացուցիչներու տան լիագումար նիստին ընթացքին կառավարութեան եւ իր անունով ճանչցաւ Հայոց ցեղասպանութիւնը: Պելճիքայի Ծերակոյտը 1998-ին ճանչցած էր Հայոց ցեղասպանութիւնը:
http://www.aztagdaily.com/archives/246786

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

June 2015
M T W T F S S
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
2930  

Արխիւ