Այնճարի մէջ Մինաս Թեճիրեանի «Անունովդ ապրիս» գիրքին շնորհահանդէսը

«Անունովդ Ապրիս» Գիրքին ՇնորհահանդէսըԿազմակերպութեամբ Այնճարի Հայ աւետարանական երկրորդական վարժարանին, Կիրակի, 21 Յունիսի երեկոյեան, Այնճարի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Մինաս Թեճիրեանի «Անունովդ Ապրիս» գիրքին շնորհահանդէսը:
Հանդիսութեան բացման խօսքը արտասանեց պատուելի Յակոբ Ագպաշարեան: Ան ներկայացուց հեղինակին կենսագրականը եւ շնորհաւորեց զինք իր երկարատեւ ծառայութեան աւարտին առիթով:
Բացման խօսքին յաջորդեց «Կռունկ» երգի ներկայացումը՝ Այնճարի Հայ աւետարանական երկրորդական վարժարանի աշակերտներուն կատարողութեամբ:
Պարոյր Սեւակի «Մարդ էլ կայ, մարդ էլ» ասմունքով ելոյթ ունեցաւ Արփա Սնապեան-Անտոնեան:
Այնուհետեւ դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան ներկայացուց գիրքին պատրաստութեան հանգրուանները, հեղինակին դիմագրաւած դժուարութիւնները եւ հոգեկան տագնապները:
Խօսելով թրքահայերուն մասին՝ ան ըսաւ, թէ 1920ական թուականներուն անոնք տակաւին Ցեղասպանութեան արհաւիրքները կ՛ապրէին եւ անոնց մասին Սփիւռքի եւ Հայաստանի հայերը շատ քիչ տեղեկութիւններ ունէին:
Ան ըսաւ, թէ հեղինակը իր գրառումներուն ընդմէջէն կ՛ապրէր իր անձին, իր հօր եւ իր մեծ հօր, ինչպէս նաեւ իր նմաններուն եւ հարազատներուն կեանքը, որ կը ներկայացնէ բոլորին ապրած տառապանքներուն խտացումը:
Ան ըսաւ. «Ես կը զգամ, որ Այնճարը պարոն Մինասին համար բարեբեր եղած է, որովհետեւ ան այստեղ գտած է որոշ խաղաղութիւն մը, որ շատ հասկնալի է, որովհետեւ չեմ կրնար երեւակայել, թէ ուրիշ ո՛ւր կրնար գտնել այս խաղաղութիւնը»:
Հեղինակի սրտի խօսքը արտասանեց Մարինա Աբրահամեան-Փիլաւճեան: Ան ներկայացուց այն բոլոր փորձառութիւնները եւ յիշատակները, որոնք սատարեցին հեղինակի նկարագիրի կերտումին:
Ան ըսաւ, թէ պարոն Մինաս իր գիրքին միջոցով կրցաւ իր մեծ հօր տառապանքները, արհաւիրքները եւ ցաւերը անոր գանկէն դուրս բերել եւ զանոնք յանձնել գիրքին՝ մեզի ալ առիթը տալով տեղեկութիւններ ստանալու Ցեղասպանութեան տարիներուն կատարուած չարիքներուն մասին:
Ապա Մարիժան Տէր Ատուրեան-Թիւմպերեան Մինաս Թեճիրեանին յանձնեց ծաղկեփունջ մը՝ վարժարանի ուսուցչակազմին անունով:
Մինաս Թեճիրեանի երկարատեւ ծառայութեան աւարտին առիթով, պատուելի Յակոբ Ագպաշարեան անոր յանձնեց գնահատանքի յուշանուէր մը:
Ձեռնարկի աւարտին ներկաները ստացան գիրքէն օրինակներ՝ հեղինակին մակագրութեամբ:
Asbarez.com

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

June 2015
M T W T F S S
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
2930  

Արխիւ