ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Կիրակի, 21 յունիսին, Թուրինի մէջ մատուցած պատարագին ընթացքին, Հռոմի պապը դարձեալ անդրադարձած է Հայոց Ցեղասպանութեան՝ գեր-տէրութիւնները անգործութեամբ մեղադրելով:
Ֆրանսիս պապը մատնանշած է, որ մեծ տէրութիւնները ոչ մէկ քայլի ձեռնարկեցին, երբ հետախուզութեան տուեալները կը նշէին, որ Երկրորդ Համաշխարհային պատերազմի տարիներուն Եւրոպայի մէջ հրեաները, քրիստոնեաները, փոքրամասնութեան ներկայացուցիչները մահուան ճամբարներ կ՛ուղարկուէին: Ան նաեւ դատապարտած է ստալինեան ճամբարներուն մէջ կատարուած սպանութիւնները՝ նշելով, որ գերտէրութիւնները անտարբեր էին:
Associated Press-էն քաղելով՝ «Նիուզ» կը յայտնէ, որ պապը նաեւ յիշեցուցած է Հայոց Ցեղասպանութեան մասին, ըսելով՝ «Անցեալ դարուն մահացած են այդքան շատ, միլիոնաւոր հայեր: Ո՞ւր կը նայէին գերտէրութիւնները: Անոնք ուրիշ կողմ կը նայէին»:
Asbarez.com
Leave a Reply