Պիտի վերանորոգուի Սասնոյ Ս. Պետրոս հայկական վանքը

Սասնոյ Ս. Պետրոս հայկական վանքըՍասունի եւ մերձակայ շրջաններու Հայերու Միութեան Նախագահ Ազիզ Տաղճը որ հինէն ի վեր կը զբաղի այդ շրջաններու մէջ հայերէ մնացած եկեղեցական յուշարձանները վերականգնելու եւ նորոգութեան ենթարկելու աշխատանքով, այժմ մեզի կը հաղորդէ թէ նորոգութեան որոշում ընդունուեցաւ Սասուն գաւառակի Մէշէլի (Գոմք) գիւղի մէջ գտնուող 1500 տարուան Ս. Պետրոս Հայոց վանքի եւ շրջապատի Հայոց գերեզմանատուներու համար։ Որոշումը ընդունուած է Մշակոյթի Նախարարութեան Տիյարպաքըրի Մշակոյթի եւ Բնական Գեղեցկութիւններու Պաշտպան Միութեան Շրջանային Կոմիտէին կողմէ։ Վանքը, որ 350 սենեակ ունի, պիտի վերանորոգուի եւ պիտի դրուի զբօսաշրջական շահագործման շրջանակին մէջ։
Ազիզ Տաղճը կը հաղորդէ որ նմանօրինակ վանքերու եւ եկեղեցիներու վերականգնումի պայքարը պիտի շարունակէ։ Ան աւելցուց իրենք բողոքած են Կալուածներու Տնօրէնութեան կողմէ կատարուած սխալի մը դէմ, քանի որ Տնօրէնութիւնը Ս. Պետրոս Վանքը ցոյց տուած է Չայըրլը գիւղի մէջ, մինչդեռ ինչպէս կը վկայեն պատմութեան գիրքերը, այս վանքը կը գտնուի նախապէս Կոնք կոչուած Մէշէլի գիւղին մէջ։
http://horizonweekly.ca/news/details/69012

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

June 2015
M T W T F S S
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
2930  

Արխիւ