Ո՞ւր կը նայէին գերտէրութիւնները, երբ հայերը կը մեռնէին. Պապ

Հռոմի պապԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Կիրակի, 21 յունիսին, Թուրինի մէջ մատուցած պատարագին ընթացքին, Հռոմի պապը դարձեալ անդրադարձած է Հայոց Ցեղասպանութեան՝ գեր-տէրութիւնները անգործութեամբ մեղադրելով:

Ֆրանսիս պապը մատնանշած է, որ մեծ տէրութիւնները ոչ մէկ քայլի ձեռնարկեցին, երբ հետախուզութեան տուեալները կը նշէին, որ Երկրորդ Համաշխարհային պատերազմի տարիներուն Եւրոպայի մէջ հրեաները, քրիստոնեաները, փոքրամասնութեան ներկայացուցիչները մահուան ճամբարներ կ՛ուղարկուէին: Ան նաեւ դատապարտած է ստալինեան ճամբարներուն մէջ կատարուած սպանութիւնները՝ նշելով, որ գերտէրութիւնները անտարբեր էին:

Associated Press-էն քաղելով՝ «Նիուզ» կը յայտնէ, որ պապը նաեւ յիշեցուցած է Հայոց Ցեղասպանութեան մասին, ըսելով՝ «Անցեալ դարուն մահացած են այդքան շատ, միլիոնաւոր հայեր: Ո՞ւր կը նայէին գերտէրութիւնները: Անոնք ուրիշ կողմ կը նայէին»:

Asbarez.com

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

June 2015
M T W T F S S
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
2930  

Արխիւ