Ֆրանսայի խորհրդարանին մէջ Արամ Ա կաթողիկոսը կը ներկայացնէ Հայոց պահանջատիրութեան հարցը

Արամ Ա կաթողիկոսՀՅԴ Հայ դատի Ֆրանսայի յանձնախումբի նախաձեռնութեամբ Ֆրանսայի խորհրդարանին մէջ Յունիս 19-¬ին պիտի մեկնարկէ Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած միջազգային գիտաժողով, որ կը կրէ «Արդարութիւն եւ հետեւանքներու փոխհատուցում հայ ժողովուրդին» խորագիրը:
«Արմէնփրէս»-¬ին հետ զրոյցին Հայ դատի յանձնախումբի անդամ Մուրատ Փափազեան ըսաւ, որ գիտաժողովի հիմնական հարցը պիտի ըլլայ Հայոց ցեղասպանութեան հարցին մէջ հետեւանքներու վերացումն ու պահանջատիրութիւնը: Հիմնական զեկուցողը պիտի ըլլայ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա կաթողիկոսը, որ պիտի ներկայացնէ Սիսի կաթողիկոսական կալուածի վերադարձի պահանջով Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարան դիմելու հայցի մանրամասները: «Ոչ միայն ցեղասպանութեան ճանաչումով պէտք է բաւարարուինք, այլեւ քաղաքականացնենք եւ կազմաւորենք հատուցման հարցը: Գիտաժողովին պիտի մասնակցի Ֆրանսուա Օլանտի աջ ձեռքը` խորհրդարանի սոցիալիստական խումբի ղեկավար Պրունօ Լերուն, որ նաեւ հանդէս պիտի գայ ծաւալուն ելոյթով»,¬ըսաւ Փափազեան` աւելցնելով, որ քննարկման ներկայ պիտի գտնուին հայ եւ ֆրանսացի քաղաքագէտներ, իրաւաբաններ:
«Այս առաջին նմանօրինակ քայլն է, որուն պէտք է յաջորդէ ծաւալուն աշխատանք, որ տարբեր երկիրներու դեսպանատուներու ներկայացնենք պահանջատիրութեան հարցն ու հատուցման սկզբունքը»,¬ ըսաւ Փափազեան` աւելցնելով, որ գիտաժողովի աւարտին հռչակագիր պիտի ընդունուի: Դեռեւս նախորդ տարի Հայաստան¬-Սփիւռք համաժողովի ժամանակ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա կաթողիկոս ըսաւ, որ կը պատրաստուի Սիսի կաթողիկոսական կալուածը վերադարձնելու պահանջով հայց ներկայացնել Թուրքիոյ Սահմանդրական դատարան: Անթիլիասէն կը շեշտեն, որ եթէ Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարանը մերժէ հայցը ու թրքական կառավարութիւնը հրաժարի վերադարձնել կալուածը, ապա հայկական կողմը պիտի դիմէ Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարան:
Այժմ խումբ մը իրաւաբաններ կ’աշխատին թղթածրարին վրայ, որպէսզի այն պատշաճ կերպով եւ բարձր մակարդակով ներկայացնեն Թուրքիոյ ՍԴ: Պահանջատիրութեան հարցը նաեւ ամրագրուած է Հայոց ցեղասպանութեան 100-¬րդ տարելիցի հռչակագիրին մէջ: Հայոց ցեղասպանութեան 100¬-րդ տարելիցի կարգախօսն է «Կը յիշեմ եւ կը պահանջեմ», որ կ’ենթադրէ ռազմավարական գործողութիւններուն հայկական կողմը մէկ քայլ առաջ պիտի կատարէ եւ միջազգային ճանաչման զուգընթաց նաեւ քայլեր պիտի կատարէ պահանջատիրութեան եւ հետեւանքներու վերացման հարցով:
http://www.horizonweekly.ca/news/details/68921

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

June 2015
M T W T F S S
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
2930  

Արխիւ