Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան տպարանէն լոյս տեսաւ Ռիչըրտ եւ Թինա Գարոլան հրատարակչական հիմնադրամի «Լիբանանեան վկայութիւններ Հայկական Ցեղասպանութեան վերաբերեալ» խորագիրով արաբերէն հատորը, որ կը ներկայացնէ վկայութիւններ, կարծիքներ եւ կեցուածքներ՝ լիբանանցի պետական, հոգեւոր եւ այլ ականաւոր անձնաւորութիւններու: Այս աշխատանքը վաւերագրական ու յատուկ տիպի գործ մըն է, որ կը շօշափէ մարդկային վսեմ դատ մը, որ անդրանցեց աշխարհագրութիւնը եւ մուտք գործեց պատմութեան մէջ: Հատորին հեղինակն է դոկտ. Սալեհ Զահրէտտին:
Սոյն գիրքը լոյս կը տեսնէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կողմէ՝ Ցեղասպանութեան 100ամեակի ծիրէն ներս, առ ի երախտագիտութիւն Լիբանանի ժողովուրդին:
Asbarez.com
Leave a Reply