Խորհրդարանական քննարկումին ընթացքին Պելճիքայի վարչապետը ճանաչցաւ Ցեղասպանութիւնը

Շարլ ՄիշելԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի Հանրային ձայնասփիւռի կայանը հաղորդեց, թէ Պելճիքայի խորհրդարանին մէջ Հինգշաբթի, Յունիս 18ին սկսած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւի քննարկումը:

Քննարկումին ընթացքին Պելճիքայի վարչապետ Շարլ Միշել ընդգծած է, որ 1915-1917 տարիներուն տեղի ունեցած ողբերգական իրադարձութիւնները պէտք է ճանչցուին իբրեւ ցեղասպանութիւն, տեղեկացուցած է պելճիքական «Լը Սուար» թերթը:

Ապա, վարչապետը, իր կառավարութեան անունով, Օսմանեան կայսրութեան մէջ մէկ դար առաջ իրականացուած հայերու սպանդը որակած է ցեղասպանութիւն:

Խորհրդարան ներկայացուած բանաձեւի հեղինակը Ֆլամական նոր դաշինք կուսակցութենէն պատգամաւոր Փիթըր տը Ռուվերն է, որ ողջունած է վարչապետին յայտարարութիւնը՝ նշելով, որ ներկայացուող բանաձեւը լաւագոյն միջոցն է այս գծով յառաջդիմութիւն ապահովելու: Ան յայտնած է, որ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւը միայն խորհրդանշական բնոյթ չի կրեր: «Մեր նպատակն է, որ Պելճիքայի խորհրդարանն ու կառավարութիւնը ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Այնուհետեւ, մենք կ՛ուզենք նաեւ խթանել համագործակցութիւնը՝ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ», յայտնած է տը Ռուվեր:

Նշենք, որ Պելճիքայի Ծերակոյտը 1998ին վաւերացուցած էր Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւ մը։

Asbarez.com

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

June 2015
M T W T F S S
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
2930  

Արխիւ