1915ին կախաղան հանուած 20 հայ հնչակեանները ոգեկոչուեցան Պոլսոյ մէջ

1915ին Կախաղան Հանուած 20 Հայ ՀնչակեաններըԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Պոլսոյ մէջ ոգեկոչուած են 1915ի յունիս 15ին կախաղան հանուած Սոցիալ Դեմոկրատական Հնչակեան կուսակցութեան առաջնորդ Փարամազի (Մաթէոս Սարգսեան) եւ կուսակցութեան 19 այլ անդամներու յիշատակը:

Անոնք Պոլսոյ կենդոնական բանտի նկուղին մէջ շղթայակապ պահուած էին, մինչեւ մահապատիժի իրականացումը:

Թրքական «Սենտիքա» լրատուական կայքը գրած է, որ հայկական «Նոր Զարթօնք» կազմակերպութեան նախաձեռնութեամբ, Էտիրնեքափըի հայկական գերեզմանատան մէջ կատարուած է յիշատակի արարողութիւնը, որուն ընթացքին հնչեցուած են հայ բանաստեղծներու ստեղծագործութիւնները:

Միջոցառման մասնակիցները կրած են կախաղան բարձրացուած հայ յեղափոխականներու նկարներն ու Հնչակեան կուսակցութեան առաջնորդ Փարամազի վերջին խօսքերը կրող պաստառներ: Միջոցառման մասնակցած են ոչ միայն հայ, այլ նաեւ թուրք քաղաքացիներ:

Կազմակերպիչները հանդէս եկած են յայտարարութեամբ, ուր ըսուած է. «1915ի Ապրիլ 24ին, 200 հայ մտաւորականի ձերբակալութեամբ Պոլսոյ մէջ սկսած մահուան երթը շատ չանցած արդէն ընդգրկեց հազարաւորներ:

Ձերբակալուածներուն մէջն էին պետութեան կողմէ հայերուն հանդէպ վարած քաղաքականութեան դէմ պայքարող 20 հայ յեղափոխականները, որոնք շատ արագ կազմակերպուած դատավարութենէն ետք դատապարտուեցան «պետութեան անբաժանելի ամբողջականութեան սպառնացող գործողութիւններ» կատարելու յանցանքով եւ մահապատիժի ենթարկուեցան:

Ցեղասպանութիւնը միայն մէկ միլիոնէ աւելի հայերու սպանութիւնը չէ, այլ նաեւ այս աշխարհագրական տարածքին մէջ մշակութային եւ մտաւորական ժառանգութեան ոչնչացումն է եւ ընկերվարութեան հիմքերու խարխլումը:

Մենք յարգանքով կը խոնարհինք բռնութեան դէմ պայքարող յեղափոխականներուն առջեւ: Անոնց յիշատակը կ՛ապրի մեր պայքարին մէջ»:

Asbarez.com

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

June 2015
M T W T F S S
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
2930  

Արխիւ