Մոսկուայի մէջ Թուրքիոյ դեսպանատան դէմ կրակած Միրզոյեան ազատ արձակուած է

Արթուր ՄիրզոյեանRosblat.ru կը հաղորդէ, որ Մոսկուայի քաղաքային դատարանը Մոսկուայի մէջ Թուրքիոյ դեսպանատան ուղղութեամբ կրակած Արթուր Միրզոյեանը ազատ արձակելու որոշում տուած է: Այդ մասին յայտնած է անոր փաստաբանը` Կէորկի Շատուորեանը:

«Այսօր Մոսկուայի քաղաքային դատարանին մէջ վերաքննիչ բողոքի քննութեան ժամանակ ես եւ իմ պաշտպանեալս ներում շնորհելու միջնորդութիւն ներկայացուցած ենք: Դատարանը բաւարարած է միջնորդութիւնը: Միրզոյեան ազատ արձակուած է», նշած է փաստաբանը:

3 ապրիլին Մոսկուայի դատարանը Միրզոյեանը դատապարտած էր երկու տարուան բանտարկութեան: 18 օգոստոս 2014-ին Միրզոյեան մօտեցած էր Թուրքիոյ դեսպանատան եւ կրակած անոր ուղղութեամբ:

http://www.aztagdaily.com/archives/245249

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

June 2015
M T W T F S S
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
2930  

Արխիւ