Թուրքիոյ Պաթման նահանգի Սասուն գաւառին մէջ գտնուող հայկական սբ. Պետրոս առաքեալի վանքը, որ կը սպասէ մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան կողմէ վերանորոգուելուն, գիւղացիներուն կողմէ կ’օգտագործուի իբրեւ ախոռ, կը յայտնէ Ermenihaber-ը:
Թրքական «Milliyet» թերթը կը գրէ, որ վանքը գանձ որոնողներու ոտնձգութիւններու հետեւանքով հասած է կիսաքանդ վիճակի եւ կը գտնուի ամբողջական աւերման վտանգի տակ:
Սասունի, Պիթլիսի, Մուշի, Վանի եւ Սթամպուլի հայերու միութեան օգնութեան, համերաշխութեան մշակութային միութեան ղեկավար Ազիզ Տաղջըն տեղեկացուցած է, որ վանք տանող ճանապարհը փակ ըլլալուն պատճառով իրենք չեն կրնար որեւէ միջամտութիւն ընել: Վերջինս նշած է, որ իրենք կը ցանկան հասնիլ անոր, որ եկեղեցին վերանորոգուի եւ բաց ըլլայ հոգեւոր զբօսաշրջութեան համար: Տաղջըն, տեղեկացնելով, որ վանք տանող ճանապարհը բանալու համար բազմիցս դիմած են պատկան մարմիններուն, եւս մէկ անգամ պահանջած է ճանապարհի 1500 մեթրանոց հատուածի բացումը:
1 վերգետնեայ եւ եւս 2 ստորգետնեայ յարկեր ունեցող վանքի վերանորոգման համար, Թուրքիոյ մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութիւն ուղարկուած դիմումներէն մէկուն արդիւնքով ժամանակին եկած, ուսումնասիրութիւններ կատարուած են, սակայն այդպէս ալ որեւէ աշխատանք չէ տարուած:
Ազիզ Տաղջըն նշած է նաեւ, որ հոգեւոր կառոյցի մէջ կենդանիներ պահելը կը նշանակէ վիրաւորանք հասցնել այդ կրօնին ու հետեւորդներուն:
http://www.yerakouyn.com/?p=83832
Leave a Reply