«Թուրքիոյ հայ քաղաքացիները երկրին մէկ մասն են եւ առանց անոնց Թուրքիան պիտի ըլլար կիսատ» կ՛ըսէ Առընչ

Պիւլենթ Առընչ«Սի.Էն.Էն. Թիւրք» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ փոխվարչապետ Պիւլենթ Առընչ Պոլսոյ մէջ Ս. Խաչ դպրեվանքի տարեշրջանի աւարտի ձեռնարկին մասնակցած է եւ յայտարարած, որ հայերը հարիւրամեակներէ ի վեր Թուրքիոյ անբաժան մասնիկներն են: Ան նաեւ անդրադարձած է Հայոց ցեղասպանութեան հարցին:

«Այդ դէպքերուն ընթացքին բոլորս վնաս կրեցինք», ըսած է ան` նշելով, որ այժմ ամէն օր այդ ցաւալի իրադարձութիւնները յիշելու եւ ատոր մասին խօսելու ժամանակը չէ:

Առընչ նշած է, որ Թուրքիոյ հայ քաղաքացիները երկրին մէկ մասն են եւ առանց անոնց Թուրքիան պիտի ըլլար կիսատ:

Թուրքիոյ փոխվարչապետը խօսած է նաեւ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններուն մասին: «Ես սկզբունքօրէն դրացի երկրի հետ զերօ խնդիր ունենալ կ՛ուզեմ: Դիւանագիտական յարաբերութիւններու ստեղծում, սահմանի բացում կ՛ուզեմ: Ատոր համար մենք որոշ քայլերու պէտք է ձեռնարկենք, սակայն ամէնէն շատ միւս կողմը, այսինքն` Հայաստանի կառավարութիւնը պէտք է ընէ: Վստահ եմ, որ օր մը այսպիսի աւարտական ձեռնարկի մը Հայաստանի վարչապետն ու նախարարները ներկայ պիտի ըլլան», ըսած է ան:

http://www.aztagdaily.com/archives/244833

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

June 2015
M T W T F S S
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
2930  

Արխիւ