Աւարտեցաւ 7 յունիսի ընտրութիւնները եւ երկրի օրակարգին գլխաւոր մտմտումը դարձաւ նոր կառավարութեան մը կազմութեան այլընտրանքները: ԱՔՓ կուսակցութեան 13 տարուան միահեծան իշխանութիւնը վերջ գտաւ քրտամէտ ՀՏՓի 80 երեսփոխաններուն խորհրդարան մտնելով:
Նոր խորհրդարանը Թուրքիոյ հայութեան համար ալ նոր փորձի դաշտ մըն է:
Մօտ օրէն կը կայանայ պատգամաւորներու երդման արարողութիւնը եւ երեք հայ երեսփոխաններ ալ կը ստանձնեն իրենց խիստ պատասխանատու պարտականութիւնը:
Պատասխանատուութիւնը գիտակցութեան խնդիր մըն է եւ հաստատ վստահ ենք, որ հայազգի երեք երեսփոխաններն ալ օժտուած են այդ գիտակցութեամբ: Որքան ալ անոնք վայելեն իրենց անդամակցած կուսակցութիւններուն զօրակցութիւնը եւ նեցուկը, ի վերջոյ յիշենք, որ մեր ազգակիցները նստած են գայլերու սեղանին: Այդ իրողութիւնը առաջին յուշողները եղան ՃՀՓ կուսակցութեան ցեղապաշտ ջիղը ներկայացնող անդամները:
Անոնք թեկնածութեան առաջին պահուն իսկ ճնշում բանեցնել փորձեցին Սելինա Տօղանի դէմ, իրեն պարտադրելով ցեղասպանութեան ուրացումը: Երիտասարդ քաղաքական գործիչը, թէեւ ճարպիկօրէն հակազդեց իր դէմ լարուած այդ ծուղակին, բայց կասկած չկայ որ արմատացած բիւզանդական դաւադիր մտայնութիւնը, որ իւրացուած է թրքական քաղաքական միտքին կողմէ ալ, ամէն առիթով պիտի դիմէ նոյն դաւադրութեան:
Սակայն երեք հայ պատգամաւորներու համար ի զօրու եղած գիտակցութիւնը եւ պատասխանատուութիւնը պիտի պահանջուի նաեւ թրքահայութենէն: Մենք՝ իբրեւ ազգ, սկսելով պատրիարքարանէն, մինչեւ ամենափոքր կազմակերպութիւն եւ անհատներ, պիտի կարենա՞նք զօրակցիլ մեր ներկայացուցիչներուն: Պիտի կարենա՞նք իրենց զգացնել, որ առանձին չեն, ամբողջ ժողովուրդ մը ունին իրենց ետին: Այս հարցումներուն պատասխանը բաւականաչափ չէր յստակացած Հրանդ Տինքի օրինակով: Կ՛արժէ խոստովանիլ, որ մեզ՝ բոլորիս համար ալ նոր փորձառութիւն մը կը ներկայացնէ երեք հայ պատգամաւորներու խորհրդարանին մէջ յայտնութիւնը:
Մենք, որ տասնամեակներէ ի վեր մատնուած ենք «համայնք» բառի մատնանշած ճղճիմ ընկալումին, այժմ կը պարտինք «ազգ» հասկացողութեան թելադրանքները յաղթահարելու՝ Կարօ Փայլան, Սելինա Տողան եւ Մարգար Եսայեան, երեքն ալ ունին իրենց անհատականութիւնը:
Փայլան հիմնարկութեան նախորդող օրերէն ի վեր պաշտօն ստանձնած է ՀՏՓ կուսակցութեան շարքերուն մէջ: Ան լոկ հայ թեկնածու մը ներկայացնելու մարմաջէն աւելի, այդ պաշտօնին առաջարկուեցաւ կուսակցութեան մէջ ստանձնած պարտականութիւններուն հետեւանքով նաեւ:
Սելինա Տողան այս առումով հակապատկերն է Կարօ Փայլանի: Յանկարծակի կերպով հրաւէր ստացաւ կուսակցութենէն եւ ընդառաջեց այդ հրաւէրին, համոզուելով, թէ իր չափերով կրնայ զօրակցիլ այդ կուսակցութեան ժողովրդավար տարրերուն:
Իրաւացի է Տողանի այդ համոզումը, քանի որ ՃՀՓ կուսակցութենէն ներս կը շարունակուի ցեղապաշտներու եւ սոցեալ տեմոքրաթներու միջեւ հրմշտուքը:
Եսայեան նոյնպէս իր հեղինակութիւնը դրոշմած է ԱՔՓ կուսակցութեան: Ան իր յօդուածներով փառաբանած էր նախագահ Էրտողանը եւ ԱՔՓ կուսակցութիւնը: Ուրեմն արդարացի էր իր թեկնածութիւնն ալ այդ կուսակցութեան ցանկերուն մէջ:
Մենք կը յարգենք իրենց որդեգրած քաղաքական հակումները, եւ այդ հակումներէն անկախ, զիրենք կ՛ողջունենք, իբրեւ Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ պատգամաւորներ:
Արդարանալու փոխադարձ երկու հրամայականներ են մեր եւ իրենց դիմաց:
Անոնք պիտի չմոռնան, թէ պատասխանատու են հայ ազգին, իսկ ազգը նոյնպէս պիտի չմոռնայ, թէ պատասխանատու է իր զաւակներուն:
pakrates@yahoo.com
Asbarez.com

ՄԵՆՔ ՈՒ ՄԵՐՈՆՔ- Փոխադարձ փորձութեան դաշտը
•
Leave a Reply