Էրտողան կոչ կ՛ուղղէ որքան կարելի է արագ ձեւաւորելու համախոհական կառավարութիւն մը

Ռեճեփ Թայիփ ԷրտողանԹուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Անգարայի մէջ բարձրագոյն ուսման հաստատութեանց շրջանաւարտներու հետ ունեցած հանդիպումի մը ընթացքին կոչ ուղղեց կարելի եղածին չափ արագ ձեւաւորելու համախոհական կառավարութիւն մը: «Համախոհական կառավարութիւնը պէտք է ձեւաւորուի որքան կարելի է արագ: Ոչ ոք կրնայ իր վրայ վերցնել երկիրը առանց կառավարութեան ձգելու պատասխանատուութիւնը: Պէտք է մէկ կողմ ձգել անձնական յաւակնութիւնները: Պէտք է ըսել ոչ թէ «ես», այլ` «մենք», ըսած է ան` աւելցնելով. «Բոլոր կուսակցութիւնները պէտք է մտածեն Թուրքիոյ շահին մասին: Ընտրութիւններուն արդիւնքները Թուրքիոյ համար բարիք են, եւ ես այս ընտրութիւններուն յաջողութեան համար կը շնորհաւորեմ իւրաքանչիւր քաղաքացի»:
Ան շեշտեց, որ պէտք է «յարգել ժողովուրդին ազգային կամքը: Թուրք ժողովուրդը ըսաւ, որ մէկ կուսակցութիւն չի կրնար կառավարութիւն ձեւաւորել»` աւելցնելով. «Պէտք է բոլոր կուսակցութիւնները գործի լծուին եւ Թուրքիան զարգացնելու ու բարգաւաճեցնելու համար իրենց դերը կատարեն, իսկ ես ամբողջ ջանքս պիտի թափեմ աջակցելու համար յառաջիկայ կառավարութեան»:
Թուրքիոյ նախագահը նշեց. «Մեր արտաքին քաղաքականութիւնը պիտի չփոխուի: Պիտի շարունակենք բոլոր անիրաւուածներուն կողքին ըլլալ: Մենք հպարտ ենք Սուրիոյ, Պաղեստինի եւ Իրաքի մէջ մեր եղբայրներուն օգնութիւն տրամադրելով»:
Թուրքիոյ խորհրդարանի առաջին նիստը հաւանաբար տեղի ունենայ 23-24 յունիսին` ընտրութիւններուն արդիւնքները յայտարարելէն 5 օր ետք: Երեսփոխանները պէտք է ընտրեն խորհրդարանի նախագահը եւ հաստատեն կառավարութեան նոր կազմը: Եթէ երեսփոխանները 45 օրուան ընթացքին չհաստատեն նոր կազմը, նախագահը կը լուծարէ խորհրդարանը եւ կը նշանակէ արտահերթ ընտրութիւններ:
7 յունիսին տեղի ունեցած ընտրութիւններէն ետք Տաւութօղլուի կառավարութիւնը հրաժարական տուած էր, սակայն Էրտողան Տաւութօղլուին վստահեցաւ նոր կառավարութեան ձեւաւորման հարցը:
Վերջինս թրքական «Թէ.Ռէ.Թէ.» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարեց. «Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը բազմիցս յայտարարած է, որ ատիկա (համախոհական կառավարութիւնը, «Ա.») վնաս է Թուրքիոյ համար, սակայն ժողովուրդը համախոհական կառավարութիւն ընտրեց»` աւելցնելով, որ թուրք ժողովուրդին կամքը քննարկման ենթակայ չէ:
http://www.aztagdaily.com/archives/244416

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

June 2015
M T W T F S S
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
2930  

Արխիւ