Հրատակարուած է «Օրինական ուղիներ Հայոց Ցեղասպանութեան հատուցման» գիրքը

Legal Avenues for Armenian Genocide ReparationՆ.Ս.Օ.Տ.Տ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հրամանաւ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարանի տպարանէն լոյս տեսաւ “Legal Avenues for Armenian Genocide Reparation” «Օրինական Ուղիներ Հայոց Ցեղասպանութեան Հատուցման» հատորը:
Սոյն հատորին մէջ ամփոփուած են Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ կազմակերպուած «Հայոց Ցեղասպանութիւնը՝ ճանաչումէն հատուցում» միջազգային համագումարին նիւթերն ու դասախօսութիւնները: Երկօրեայ այս համագումարը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերած էին աւելի քան երեսուն միջազգային օրէնքի եւ ցեղասպանութեան մասնագէտներ, տեղի ունեցաւ Անթիլիասի մէջ 23-25 փետրուար 2012-ին, կազմակերպութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ նախագահութեամբ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին:
Անգլերէն սոյն հատորը, վերահրատարակութիւնն է “International Criminal Law Review”-ի 2014 թուականին լոյս տեսած բացառիկ թիւին, որ կը ներառնէ վերոյիշեալ համագումարին մասնակից մասնագէտներուն դասախօսութիւնները: Խմբագրութիւնը կատարած է Հայոց Ցեղասպանութեան մասնագէտ Henry Theriault, իսկ ներածականը գրուած է Վեհափառ Հայրապետին կողմէ:
“International Criminal Law Review”-ն միջազգային ճանաչում վայելող հրատարակութիւն մըն է: Հետեւաբար, այս նախաձեռնութիւնը Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով, մեծ հետաքրքրութիւն կրնայ յառաջացնել միջազգային օրէնքով ու ցեղասպանութեամբ զբաղող շրջանակներէ ներս:
http://www.yerakouyn.com/?p=83432

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

June 2015
M T W T F S S
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
2930  

Արխիւ