Թուրքիոյ ճնշումով Գերմանիոյ խորհրդարանի բանաձեւէն հանուած է «Ցեղասպանութիւն» եզրը, կ՚ըսէ Աշոտ Հայրունի

flag flags national flag national flags german flag ensign ensigns blowing leisure tourism German National Parliament Berlin democracy democratic architecture dome column columns arch arched arches German flag flag steps tourist tourism visit visitors gov«Թուրքիա Գերմանիոյ Արտաքին գործոց նախարարութեան միջոցով Գերմանիոյ Խորհրդարանին (Պունտեսթակի) վրայ ճնշում բանեցուցած է, որուն իբրեւ հետեւանք Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ խոստացուած բանաձեւէն հանուած է «Ցեղասպանութիւն» եզրը», ըսած է գերմանագէտ փրոֆ. Աշոտ Հայրունի՝ «Երկիր Մետիա» կայքէջին տուած հարցազրոյցին ընթացքին։ Ըստ անոր, բանաձեւի նախագիծին մէջ Հայերուն համար կան ողջունելի եւ ընդունելի, բայց միաժամանակ՝ նաեւ անընդունելի տարրեր։

«Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը պէտք է աշխատի Խորհրդարանի այն երեսփոխաններուն հետ, որոնք տակաւին չեն կողմնորոշուած այս հարցին շուրջ։ Մինչեւ Յուլիս ժամանակ կայ այս հոլովոյթին համար։ Յուլիսի երկրորդ կէսին, երբ Խորհրդարանը արձակուրդ կ՚առնէ, այդ ժամանակը կրնայ ծառայել ի նպաստ մեզի», ընդգծած է Աշոտ Հայրունի։

http://horizonweekly.ca/news/details/68490

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

June 2015
M T W T F S S
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
2930  

Արխիւ