Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբը հետեւեցաւ Թուրքիոյ ընտրութիւններուն

0610EAFJD1ՊՈԼԻՍ.- Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ իր պատուիրակութիւնը, քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան (HDP) հրաւէրով, դիտորդական առաքելութիւն մը իրականացուցած է Թուրքիոյ խորհրդարանի ընտրութիւններուն ընթացքին:

Քուէարկութեան օրը՝ Յունիս 7ին, պատուիրակութիւնը այցելած է շարք մը ընտրատեղամասեր, արձանագրած է բոլոր խախտումներն ու դժուարութիւնները, որոնց հանդիպած են ընդդիմադիր կուսակցութիւնները, յատկապէս՝ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութիւնը:

Դիտարկման արդիւնքները պիտի հրապարակուին յառաջիկայ օրերուն:

Յանձնախումբի ատենապետ Գասպար Կարապետեան ողջունած է երեք հայ թեկնածուներուն ընտրական յաղթանակը եւ նշած, որ Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ քրտամէտ կուսակցութեան ներկայութիւնը կը նշանակէ, որ այսուհետեւ հոն կայ քաղաքական ուժ մը, որ կրնայ պայքարիլ ազատութեան, հաւասարութեան, խաղաղութեան եւ արդարութեան համար:

Ատենապետին կողքին, պատուիրակութեան մաս կազմած են՝ Պետօ Քիւրքճեան Տէմիրճեան, Վերա Եագուպեան, Փիթըր Պետրոսեան եւ Ճորճ Աղճայեան։

Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբը Մայիսին յայտարարած էր, թէ նեցուկ կը կանգնի Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան ընտրապայքարին։

Յիշեցնենք, որ ընտրութեանց քարոզարշաւին ընթացքին, նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան քրտամէտ կուսակցութեան պարբերաբար մեղադրած էր «հայկական լոպի»ին հետ կապեր ունենալու «յանցանքով»:

http://asbarez.com/arm

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

June 2015
M T W T F S S
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
2930  

Արխիւ