Թուրքիոյ դէմ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հայցին հաւանական հետեւանքները

Յարութ Սասունեան«Քալիֆորնիա Քուրիեր» թերթի (www.TheCaliforniaCourier.com) հրատարակիչ եւ խմբագիր Յարութ Սասունեան կը գրէ.

Աշխարհասփիւռ հայութիւնը ողջունեց Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը` Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարան Ապրիլ 27-ին դատական հայց ներկայացնելուն համար` Սիսի իր պատմական նստավայրը վերադարձնելու պահանջով, որ այժմ կը գտնուի Թուրքիոյ Ատանա նահանգի Կոզան շրջանին մէջ: Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան նախկին աթոռանիստ կեդրոնը, որ հիմնադրուած է 1293 թուականին, բռնագրաւուած էր թրքական իշխանութեան կողմէ 1921 թուականին` Հայոց Ցեղասպանութեան տարիներուն:

Արամ Ա կաթողիկոսը յայտարարեց, որ եթէ թրքական դատարանը մերժէ հայցը, Կաթողիկոսութիւնը մտադիր է դատարանի որոշումը բողոքարկել Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարան, որ կը պահանջէ սպառել բոլոր ներքին դատական ատեանները մինչեւ Եւրոպայի խորհուրդի անդամ երկիրներու դէմ հայց յարուցելը:

Թուրքիոյ կողմէ Եւրոպական դատարանի որոշումները ընդունելուն թերահաւատօրէն վերաբերողները պէտք է գիտնան, որ Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը ենթարկուած է իր դէմ բոլոր վճիռներուն` Եւրոպական դատարանի իրաւասութիւնը 1990 թուականին ճանչնալէն ի վեր:
Կաթողիկոսութեան հայցը շրջադարձային դէպք է շարք մը պատճառներով.

– Անիկա նպատակ ունի մասնակիօրէն վերականգնելու Ցեղասպանութեան ժամանակ հայ ժողովուրդին կրած վիթխարի մարդկային, նիւթական եւ տարածքային կորուստները:

– Անիկա կը տեղափոխէ «Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման ուղղուած Հայ Դատի ջանքերը դէպի դատաիրաւական ոլորտ», ինչպէս նշեց Արամ Ա կաթողիկոս:

– Անիկա կրնայ նախադէպ հանդիսանալ նմանատիպ իրաւական պահանջներու համար, ինչպէս Արամ Ա կաթողիկոս տեղեկացուց «Նիւ Եորք թայմս» թերթին անցեալ ամիս. «Հարիւր տարի անց, ես կը կարծեմ` ճիշդ ժամանակն է, որ շեշտը դնենք հատուցման վրայ…. Ասիկա առաջին իրաւական քայլն է, որուն պէտք է հետեւի` բոլոր եկեղեցիները, վանքերը եւ եկեղեցապատկան ունեցուածքը, եւ վերջապէս, մասնաւոր սեփականութիւնը վերադարձնելու պահանջը»:

Չնայած դատական հայցով Կաթողիկոսութեան հետապնդած վեհ նպատակներուն` անցեալ շաբաթ տարաձայնութիւն յառաջացաւ հայկական համայնքին մէջ, երբ քանի մը կայք եւ թերթ հաղորդեցին, թէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը Թուրքիոյ կառավարութենէն պահանջած է «կա՛մ վերադարձնել Սիսի կաթողիկոսարանը կամ վճարել 100 միլիոն թրքական լիրայի (37 միլիոն տոլար) փոխհատուցում»: Ամերիկահայ հանրածանօթ ղեկավար դէմքերէն մէկը` Կարօ Արմէնեանը նախազգուշացնող յօդուած գրեց` «Մեր սրբավայրերը սեփականութիւններ չեն» վերնագիրով: Ան ընդգծեց, որ Կաթողիկոսութեան հայցը «կը յարուցանէ շարք մը հարցականներ, որոնք այսօրունէ պէտք է անցնին մեր հաւաքական փորձաքննութեան բովով` անցանկալի նախադէպերը կանխելու խոհեմ նախանձախնդրութեամբ»: Ան նաեւ յորդորեց

Կաթողիկոսութեան՝ յստակացնելու փոխհատուցման գումարի հարցը, եթէ լուրերը ճշգրտօրէն չեն արտացոլեր դատական հայցին բովանդակութիւնը:

Նման յստակացում ստանալու ակնկալիքով՝ անցեալ շաբաթ ես կապ հաստատեցի Կաթողիկոսարանի ներկայացուցիչներու հետ: Նորին Սրբութիւն Արամ Ա կաթողիկոսի օգնական Հայր Յուսիկ Մարտիրոսեան ելեկտրոնային նամակով ինծի հաւաստիացուց, որ «Կաթողիկոսութեան հայցը միայն մէկ յստակ նպատակ ունի` Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանի վերադարձը»:

Ի պատասխան դատական հայցի պատճէնը ինծի ուղարկելու խնդրանքին` յայտնի միջազգային իրաւաբան եւ Կաթողիկոսարանի գլխաւոր փաստաբան Փայամ Ախաւանը ըսաւ, որ «հնարաւոր չէ կամ նպատակայարմար ամբողջ դիմումը փոխանցել այս փուլին, երբ անիկա դեռ կը գտնուի Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարանի վարոյթին մէջ»:

Իրաւաբան Ախաւանը դրամական փոխհատուցման վերաբերող հարցերուն տուաւ հետեւեալ բացատրութիւնը. «Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարանի առջեւ դրուած հիմնական պահանջն է` վերադարձնել Սբ. Սոֆիայի վանքը եւ տաճարը, թէ իբրեւ Կաթողիկոսութեան սեփականութեան իրաւունքի, թէ նաեւ հայ ժողովուրդի համար կրօնական մեծ նշանակութեան պատճառով: Հայցով փոխհատուցում չի պահանջուիր, հաշուի առնելով, որ ասիկա անձնական սեփականութիւն չէ, այլ կրօնական եւ պատմական կարեւոր նշանակութիւն ունեցող գոյք:

Սակայն, մեր թուրք փաստաբանը խորհուրդ տուաւ, որ համաձայն թրքական օրէնքներու եւ ընթացակարգերու, գոյքային իրաւունքներու պահանջի (եւ ոչ թէ կրօնական իրաւունքի պահանջի) հետ կապուած, անհրաժեշտ է Կաթողիկոսութեան կողմէն վերապահել փոխհատուցում պահանջելու այլընտրանքային իրաւունքը` նախնական գումար նախատեսելու պայմանով…. Սակայն, կ՝ուզեմ ընդգծել, որ հայցը փոխհատուցման համար չէ, այլ կալուածքի վերադարձի համար, որ կրնայ օգտագործուիլ կրօնական պաշտամունքի եւ անոր հետ կապուած մշակութային նպատակներու համար»:

Ես կապուեցայ Սթամպուլ բնակող անկախ իրաւաբանի մը հետ, որ հաստատեց, թէ թրքական օրէնքը իսկապէս կը պահանջէ յստակ արժէք նշել սեփականութեան իրաւունքի հարցով դատական վէճերու պարագային:

Այժմ, երբ նիւթական հարցով յստակութիւն մտցուեցաւ, այլ կարեւոր խնդիրներ կը ծառանան Կաթողիկոսութեան եւ հայ ժողովուրդի առջեւ: Հնարաւոր է, որ որոշ հարցերու բարձրաձայնումը քիչ մը վաղաժամ է, սակայն հաւանաբար հայերը ուզեն անդրադառնալ անոնց, որպէսզի կանխատեսեն թրքական եւ եւրոպական դատարաններու կողմէ կայացուած որեւէ հնարաւոր որոշման հետեւանքները.

1) Ի՞նչ պիտի ընէ Կաթողիկոսարանը, եթէ թրքական դատարանը կամ կառավարութիւնը թոյլ տայ վերականգնելու Սիսի եկեղեցին եւ անոր օգտագործումը կրօնական պաշտամունքի համար` առանց սեփականութեան իրաւունքի վերադարձի Կաթողիկոսութեան: Բացի այդ, ի՞նչ պիտի ընէ, եթէ Թուրքիոյ կառավարութիւնը նաեւ առաջարկէ դրամական փոխհատուցում եկեղեցական նստավայրի վերակառուցման համար` առանց փոխանցելու գոյքային իրաւունքը:

2) Այն պարագային, եթէ թրքական դատարանը կամ Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանը վճիռ կայացնէ Սիսի եկեղեցւոյ ունեցուածքը վերադարձնելու մասին, արդեօք Կաթողիկոսութիւնը պիտի տեղափոխուի՞ իր պատմական նստավայրը, թէ՞ պիտի շարունակէ տարագրութեան մէջ ապրիլ Անթիլիաս (Լիբանան):
Հաշուի առնելով թրքական կառավարութեան վերջերս կատարած առաջարկները ասորական եւ սուրիական եկեղեցիներու առաջնորդներուն` վերադառնալու Թուրքիոյ մէջ գտնուող իրենց պատմական նստավայրերը Սուրիոյ մէջ ժամանակաւոր տարագրութենէ յետոյ, Թուրքիոյ ղեկավարները կրնան հայկական դատական հայցը պատճառաբանելով` համոզել իրենց ներքին հակառակորդները, եւ նման առաջարկ եւս ներկայացնել Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան:
Նախագահ Էրտողանը կրնայ նման ժեստ ընել հետեւեալ երեք պատճառներով.

1) Կանխել Եւրոպական դատարանի վճիռը յօգուտ Կաթողիկոսութեան եւ խուսափիլ իրաւական նախադէպ ստեղծելէն յետագայ հայկական հայցերուն համար.

2) Փիարի յաղթանակ արձանագրել միջազգային շրջանակներու մէջ, յատկապէս նախորդ Կիրակի կայացած խորհրդարանական ընտրութիւններուն իր կուսակցութեան պարտութենէն յետոյ.

3) Տնտեսական օգուտներ քաղել Սիսի մէջ Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանի պատմական նստավայր ժամանող օտարերկրեայ զբօսաշրջիկներէն եւ հայ այցելուներէն:

Թարգմանութիւնը կատարեց Ռուզաննա Աւագեան
Արեւմտահայերէնի վերածեց ԵՌԱԳՈՅՆ-ը
http://www.yerakouyn.com/?p=83377

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

June 2015
M T W T F S S
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
2930  

Արխիւ