Անդրադարձ. հետաքրքրական զարգացում, սպասողական վիճակ

Հետաքրքրական ԶարգացումՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ
Կիրակի, 7 յունիսին Թուրքիոյ խորհրդարանական ընտրութիւններուն արդիւնքները ցոյց տուին, որ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը ձախողած է խորհրդարանին մէջ գոյացնել բացարձակ մեծամասնութիւն: Այլ խօսքով, նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի` սահմանադրական բարեփոխումներու ճամբով Թուրքիոյ մէջ նախագահական դրութիւն հաստատելով սուլթան դառնալու ծրագիրը առկախուած է` սպասելով համախոհական կառավարութեան կազմութեան ընթացքին գոյանալիք փոխզիջումային համաձայնութեան: Մէկ բան յստակ է` վերջին 13 տարուան մէկ կուսակցութեան իշխանութիւնը եւ այդ իշխանութեան ամրագրման վտանգը վնասազերծուած է:
Յատկանշական է, որ 84 առ հարիւր մասնակցութեան համեմատութեամբ ընտրութիւններէն ետք գոյացած խորհրդարանին մէջ ներկայացուած կուսակցութիւնները միասնաբար կը ներկայացնեն քուէարկողներուն 95 առ հարիւրը: 1983-2011 տարիներուն այդ համեմատութիւնը կը տարուբերէր 41 առ հարիւրէն 86 առ հարիւրի միջեւ: Խորհրդարանին մաս կը կազմեն 97 կիներ, 3 հայեր, 2 եզիտիներ, ասորի մը եւ գնչու մը: Այլ խօսքով` նոր խորհրդարանը խիստ ներկայացուցչական է, սակայն ոչ մէկ կուսակցութիւն կրցած է ապահովել անոր աթոռներուն մեծամասնութիւնը, ինչ որ հասարակութեան պառակտուածութեան յստակ արտացոլումն է:
Այժմ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը ստիպուած է համախոհական կառավարութիւն մը կազմելով իր 13-ամեայ իշխանութեան մէկ մասը զիջիլ, սակայն որո՞ւ: Քեմալական Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան եւ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան հետ գաղափարական եւ ծրագրային տարբերութիւնները շատ են: Կը մնայ Ազգայնական շարժում կուսակցութիւնը, որուն հետ ազգային-իսլամական Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը առնուազն հասարակաց ընտրազանգուած մը ունի, սակայն Տեւլեթ Պահչելիի ղեկավարած կուսակցութիւնը դէմ է նախագահական դրութեան որդեգրման, քրտական հարցի լուծման եւ Թուրքիոյ քաղաքացիներու ինքնութեան բարեփոխման: Նշեալ կուսակցութեան հետ համախոհական կառավարութիւն կազմելը դժուար բանակցութիւններ եւ զիջումներ կ՛ենթադրէ: Ինչ կը վերաբերի հայ-թրքական յարաբերութեանց, «Գորշ գայլեր»-ուն հետ համախոհական կառավարութեան մը կազմութիւնը պիտի ըլլայ յոռեգոյն դիպաշարը: Այդ պարագային, ապրիլքսանչորսեան ուղերձներու առնուազն ձեւական յառաջդիմութենէն եւ ապագայ ակնկալիքներու ստեղծումէն ետք, կտրուկ շրջադարձն ու ընդհանրապէս հայ-թրքական թղթածրարին նկատմամբ կեցուածքներու կարծրացումը պիտի դառնայ անխուսափելի: Հայ-թրքական թղթածրարին համար իտէալական դիպաշարը քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան հետ կազմուած թրքական համախոհական կառավարութիւնն է, սակայն… 45 օրուան ընթացքին կառավարութեան մը կազմութեան ձախողութեան պարագային արտակարգ ընտրութիւններու կը դիմուի: Ատիկա, սակայն, իր մէջ կը պարունակէ յաւելեալ ընկերային լարուածութեան ու նախընտրական քարոզչութեան ընթացքին պատահած ապահովական դէպքերու կրկնութեան ու մագլցման վտանգը:
Էրտողան ընտրական քարոզարշաւին ընթացքին շարունակ կը զգուշացնէր, որ Թուրքիան տկարացնելու եւ մասնատելու նպատակ մը գոյութիւն ունի: Թէեւ այդ նպատակը հետապնդողներու մատնանշման մէջ ան ծիծաղաշարժ աստիճանով կը սխալէր, սակայն պէտք է ընդունինք, որ շրջանային իրադարձութեանց եւ շրջանի քարտէսի վերաձեւաւորման ծրագիրի մը գոյութեան վարկածին լոյսին տակ, համախոհական կառավարութեան մը կազմութեան ձախողութեան պարագային այդպիսի զարգացումի մը իրականութիւն դառնալու հաւանականութիւնը կրնայ մեծնալ:
Կը մնայ սպասել եւ տեսնել, թէ դիպաշարը ի՛նչ ուղղութեամբ պիտի զարգանայ:
http://www.aztagdaily.com/archives/244050

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

June 2015
M T W T F S S
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
2930  

Արխիւ