Վանի մէջ կայացած գիտաժողովներուն՝ հայերէնով զեկուցումներ

Վանի Մէջ Կայացած ԳիտաժողովՎԱՆ.- Տոքթ. Սարգիս Ատամ կը տեղեկացնէ, թէ յունիս 4-6, Վան քաղաքին մէջ տեղի ունեցած է Միջագետքի բժշկական միութեան եւ Վանի Հաքքարի բժշկական կաճառի միասնաբար կազմակերպած Է. բժշկագիտական, Բ. ատամնաբժշկագիտական եւ Ա. դեղագործագիտական գիտաժողովները, որոնց մասնակցած են 13 երկիրներէ աւելի քան 700 մասնակիցներ, իրենց 105 գիտական զեկոյցներով։
Գիտաժողովին մասնակցած են նաեւ 3 հայ բժիշկներ, 3 հայ ատամնաբոյժներ եւ 1 հայ դեղագործ` Մարիամ Սարգիսեան, որոնք հանդէս եկած են հետեւեալ նիւթերով՝ «Շրթունքներու եւ քիմքերու ճեղքերը» (ատամնաբոյժ Թորոս Ալճան), «Երակամի զարկերակի սեղմում» (տոքթ. Արա Ուղուրլեան), «Հիւանդանոցի հիժէն ու առողջապահութիւն» (տոքթ. Համբարձում Մէրկէրեան) իսկ գիտաժողովի հայերէն բաժինի վարիչ տոքթ. Սարգիս Ատամ՝ «Պարբերական հիւանդութիւն-հայկական հիւանդութիւն» նիւթով։ Բոլոր բժիշները իրենց զեկոյցները ներկայացուցին հայերէն լեզուով։
Հայ բժիշկներու կողմէ հայերէն լեզուով ներկայացուած զեկուցումները դարձած են ներկաներու ուշադրութեան ու հետաքրքրութեան կիզակէտը` արժանանալով գիտաժողովի կազմակերպիչներու բարձր գնահատանքին։
Գիտաժողովի աւարտին, կազմակերպիչ մարմնին կողմէ հրատարակուած է միացեալ ամփոփագիր մը, ուր յիշուած են Միջին Արեւելքի տարածքաշրջանին մէջ ապրող ժողովուրդներու տառապանքներն ու ողբերգութիւնները, նշուած է նաեւ մարդու կեանքին եւ մարդու առողջութեան, խաղաղութեան եւ եղբայրութեան կարեւորութիւնը։ Հրատարակութեան մէջ շեշտը դրուած է նաեւ տարածաշրջանի աշխարհագրութեան մէջ ապրող ժողովուրդներու ապրած հալածանքներուն, բռնատիրութիւններուն ու պատերազմներուն դէմ միասնաբար պայքարելու հրամայականին վրայ՝ աւարտելով հետեւեալ տողերով. «Տարածաշրջանին մէջ տիրող քաղաքական անկայունութիւնն ու տագնապալի կացութիւնը բնակիչներու ներաշխարհին մէջ ստեղծեց լարուածութիւն ու հոգեկան խանգարում։ Մարդոց առողջութիւնը կը կարօտի գիտական քննարկումներու։ Հետեւաբար այս նիւթը դարձաւ մեր այս տարուայ գիտաժողովի մայր թեման։ Մարդու կեանքը ծայր աստիճան կարեւոր է։ Մենք, որպէս բժիշկներ, ատամնաբուժներ, դեղագործներ պիտի շարունակենք պաշտպանել ու յարգել մարդու ապրելու իրաւունքն ու կեանքը, ինչպէս որ մինչեւ այսօր պաշտպանեցինք ու յարգեցինք։ Մենք արդէն այս ուղղութեամբ երդում մը ունինք»։
Հրատարակութեան մէջ շեշտը դրուած էր նաեւ մայրենի լեզուի գործածութեան պահպանման ու պաշտպանման կարեւորութեան վրայ։
Asbarez.com

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

June 2015
M T W T F S S
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
2930  

Արխիւ