ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր Մեդիա», «Էրմենիհապեր».- Յունիս 4ին բախումներ տեղի ունեցած են Կարինի (Էրզրում) մէջ, երբ խումբ մը փորձած է խափանել գլխաւոր ընդդիմադիր՝ Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութեան նախընտրական հաւաքը: Ոստիկանութիւնը միջամտած է արցունքաբեր կազ օգտագործելով եւ ոստիկան մը վիրաւորուած է: Բախումները աւելի թէժացած են, երբ ցուցարարները փորձած են թոյլ չտալ, որ շտապ օգնութեան մեքենան մօտենայ վիրաւորին:
Միւս կողմէ, Յունիս 3ի երեկոյեան, Պինկէօլ (Բիւրակն) նահանգին մէջ սպաննուած է քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան նախընտրական քարոզչութեան համար գործածուող հանրակառքի վարորդը: Յարձակողները նաեւ հրկիզած են հանրակառքը։
Թուրքիոյ Մարդկային իրաւունքներու միութեան հաշուետուութեան համաձայն՝ այս տարուան Մարտ 23էն Յունիս 3ի միջեւ, Թուրքիոյ կուսակցութիւններու գրասենեակներուն, փոխադրամիջոցներուն, թեկնածուներուն, հաւաքներուն եւ նախընտրական աշխատանքներուն վրայ յարձակումներու եւ ոստիկանական ճնշումներու թիւը 187ի հասած է: Անոնց 168ին թիրախը եղած է քրտամէտ կուսակցութիւնը, 12ին՝ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը, 6ը՝ Հանրապետական կուսակցութիւնը, իսկ 2ը՝
Ազգայնական շարժում կուսակցութիւնը: Այս յարձակումներուն կապակցութեամբ ձերբակալուած են 10 հոգի, որոնցմէ միայն մէկը բանտարկուած է:
Նաեւ, իզմիրցի աւելի քան 600 մտաւորականներ, խորհրդարանական ընտրութիւններու նախօրեակին, իրենց աջակցութիւնը յայտնած են քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան:
Սոյն կուսակցութեան կ՛աջակցին նաեւ Թուրքիոյ ազգային փոքրամասնութիւնները, ներառեալ՝ հայ համայնքը, որուն պատճառով, վերջին օրերուն քրտամէտ կուսակցութիւնը նախագահ Էրտողանի ամբաստանութիւններուն թիրախ դարձած է:
Asbarez.com
Leave a Reply