Պրազիլի Ծերակոյտը Հայոց Ցեղասպանութիւնը կը ճանչնայ

Պրազիլի ԾերակոյտըՊՐԱԶԻԼԻԱ, «Աժենսիա Փրենսա Արմէնիա».- Պրազիլի դաշնակցային Ծերակոյտը յունիս 3ին վաւերացուց Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւ։

Թիւ 550/2015 բանաձեւը ներկայացուած էր ծերակուտականներ Ալիոզիօ Նունեզ Ֆերէյրա Ֆիլոյի եւ Հոզէ Սերայի կողմէ։ Հոն միաժամանակ կոչ կ՛ըլլայ Հայաստանի հետ յարաբերութինները սերտացնելու։

Բանաձեւը ներկայացուցած ծերակուտականները նաեւ կոչ ըրած են Թուրքիոյ, որ ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ շինիչ երկխօսութեան սկսի Հայաստանի իշխանութեանց հետ։
Պրազիլի Հայ Դատի յանձնախումբէն Ճէյմզ Օննիկ Թամաճեան ողջունեց բանաձեւին վաւերացումը, որ կը համընկնի Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին։

Asbarez.com

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

June 2015
M T W T F S S
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
2930  

Արխիւ