ՊՐԱԶԻԼԻԱ, «Աժենսիա Փրենսա Արմէնիա».- Պրազիլի դաշնակցային Ծերակոյտը յունիս 3ին վաւերացուց Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւ։
Թիւ 550/2015 բանաձեւը ներկայացուած էր ծերակուտականներ Ալիոզիօ Նունեզ Ֆերէյրա Ֆիլոյի եւ Հոզէ Սերայի կողմէ։ Հոն միաժամանակ կոչ կ՛ըլլայ Հայաստանի հետ յարաբերութինները սերտացնելու։
Բանաձեւը ներկայացուցած ծերակուտականները նաեւ կոչ ըրած են Թուրքիոյ, որ ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ շինիչ երկխօսութեան սկսի Հայաստանի իշխանութեանց հետ։
Պրազիլի Հայ Դատի յանձնախումբէն Ճէյմզ Օննիկ Թամաճեան ողջունեց բանաձեւին վաւերացումը, որ կը համընկնի Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին։
Asbarez.com
Leave a Reply