Իտալիոյ մէջ պիտի պարգեւատրուի «Արտոյտներու ագարակը» գիրքին հեղինակը

Արտոյտներու ԱգարակըԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Իտալիոյ Օսթանա քաղաքին մէջ, գրական մրցանակաբաշխութեան օր մը պիտի նուիրուի Հայաստանի եւ Հայոց Ցեղասպանութեան։ Այս մասին կը գրէ «Repubblica» թերթը։

Նախաձեռնութիւնը չորսօրեայ է՝ 30 մայիսէն 2 յունիս: Անիկա աւանդաբար նուիրուած է մայրենի լեզուով գրուած գիրքերուն: 6 դափնեկիրներ հանդիպում պիտի ունենան ընթերցողներուն հետ, իսկ անոնց գործերը պիտի ներկայացուին գրական երեկոներու եւ թատերական նախաձեռնութիւններու ընթացքին։

Թերթը կը գրէ. «Նախաձեռնութեան երրորդ օրը նուիրուած պիտի ըլլայ Հայաստանին: Դափնեկիրներէն մէկը պիտի ըլլայ հայկական արմատներով յայտնի գրող, Փատովա քաղաքի բնակիչ Անթոնիա Արսլանը: Իտալիոյ մէջ ան նշանաւոր է 19-20րդ դարերու հանրայայտ գրականութեան ուսումնասիրութիւններով: Քանի մը տարի առաջ ան սկսած էր իտալերէնի թարգմանել Դանիէլ Վարուժանի ստեղծագործութիւնները: 2004ին ան իր գրիչով լուսարձակի տակ առաւ իր ընտանիքին պատմութիւնը: Այդ մասին ան պատմեց նշանաւոր իր վէպին՝ «Արտոյտներու ագարակ»ին միջոցով, որ թարգմանուած է 15 լեզուներու: Թավիանի եղբայրներուն կողմէ անիկա վերածուած է ժապաւէնի՝ նոյն անունով»։

Asbarez.com/arm

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

June 2015
M T W T F S S
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
2930  

Արխիւ