Սիսի կաթողիկոսարանի տարածքին վրայ մանկական զբօսայգի կառուցած են

Սիսի կաթողիկոսարանի տարածքՄեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Ապրիլ 28-ին դատի դիմեց Թուրքիոյ Սահմանադրական Ատեանին մօտ՝ պահանջելով Սիսի պատմական կաթողիկոսարանի տարածքին վերադարձը կամ հակառակ պարագային՝ 100 միլիոն լիրա (37 միլիոն 362 հազար տոլար) հատուցում։

Այդ դիմումէն անմիջապէս ետք, Քոզանի (Սիսի թրքական անուանումը) քաղաքապետը, ազգայնամոլ MHP կուսակցութենէն Մուսա Էօզթիւրք յայտարարած էր, թէ «Հայրենիքի թիզ մ՚՚՚իսկ հող չունինք տալու ոեւէ մէկուն»։

Այս յայտարարութենէն անմիջապէս ետք, քաղաքապետի հրահանգով մանկական զբօսայգի մը կառուցուած է կաթողիկոսարանի տարածքին վրայ, որ տարիներէ ի վեր կը մնար անտեսուած։ Բացումն ալ ինք՝ անձամբ կատարած է։

Թրքական Demokrathaber թերթի Մայիս 30-ի թիւին մէջ, թերթի աշխատակիցներէն Հրանդ Գասպարեան կը հաստատէ վերինշեալ լուրը եւ կը նշէ, որ Սիսի կաթողիկոսարանի վանքի տարածքը կը գտնուի Քոզանի Թաշ թաղամասին մէջ, որուն թաղապետ Մուրատ Աքի պահանջքով կառուցուած է է խաղավայր-զբօսայգին, որուն կառուցման օժանդակած է Քոզանի քաղաքապետարանը։

Սիսի Սուրբ Սոփիա Մայր տաճարը հիմնայատակ աւերած են 1940-ական թուականներուն: Տաճարի սրբատաշ քարերը օգտագործուած են մերձակայ բնակարաններու կառուցման համար։

http://www.horizonweekly.ca/news/details/68148

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

June 2015
M T W T F S S
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
2930  

Արխիւ