Չաւուշօղլու կը քննադատէ Պելճիքայի մէջ ժխտողական թուրք երեսփոխանին կուսակցութենէն արտաքսումը

Մահինուր Էօզտեմիր«Թէ.Ռէ.Թէ.»-ի կայքը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու քննադատած է պելճիքական Մարդասիրական ժողովրդավարական կեդրոն կուսակցութեան` ազգութեամբ թուրք երեսփոխան Մահինուր Էօզտեմիրը իր շարքերէն արտաքսելու որոշումը:
Մեկնաբանելով այդ որոշումը` Չաւուշօղլու նշած է. «Եւ ա՞յս է ժողովրդավարութեան եւ խօսքի ազատութեան մասին ձեր պատկերացումը»:
Ընկերային ցանցերէն մէկուն վրայ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ Չաւուշօղլու յայտնած է, որ Էօզտեմիրը հեռացնելու որոշումը, որուն դրդապատճառը` «1915-ի դէպքերուն վերաբերեալ հայկական դիրքորոշումին շուրջ իր կարծիքն է, անընդունելի է»:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ բանբեր Թանժու Պիլկիչ հրապարակած է գրաւոր յայտարարութիւն մը, որուն մէջ նշած է «իր խոր մտահոգութիւնը» Էօզտեմիրը կուսակցութեան շարքերէն հեռացնելու վերաբերեալ:
«Պելճիքայի մէջ, ուր գոյութիւն ունին ժողովրդավարութեան աւանդութիւններ, անոնց որոշումը, որ կը հակասէ ժողովրդավարական ազատութեան, մեր կողմէ զարմանքով կ՛ընկալուի», կ՛ըսուի հաղորդագրութեան մէջ:
Պիլկիչ դէպքը բնութագրած է իբրեւ «տարակարծութիւններու սերմեր, որոնք կոչուած են ատելութիւն սերմանելու հասարակութեան մէջ», ան նաեւ նշած է, որ այդ որոշումը կրնայ խնդիրներու խորացման պատճառ հանդիսանալ Եւրոպական Միութեան հետ համարկուելու հոլովոյթին մէջ:
http://www.aztagdaily.com/archives/242687

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

June 2015
M T W T F S S
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
2930  

Արխիւ