Քիւրտիստանի Հայրենասիրական միութիւնը կը զօրակցի հայութեան դատին

Ալաա Ալ ԹալապանիAztagarabic-ը կայքէջը 26- մայիսին կը հաղորդէ՝ Իրաքի խորհրդարանի՝ Քիւրտիսատնի Հայրենասիրական Միութեան կուսակցութեան խնբակցութեան ղեկավար Ալաա Ալ Թալապանին նամակ ուղղարկած է Իրաքի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Աւագ Արք. Ասատուրեանին, ուր կը հաստատէ Քիւրտիստանի ժողովուրդի դիրքորոշումը ցեղասպանութեան հանդէպ եւ իր զօրակցութիւնը հայ ժողովուրդին:
Մենք` Քիւրտիստանի ժողովուրդը, որ եւս ենթարկուած է ցեղասպանութեան միջազգայինօրէն արգիլուած զէնքերով Անֆալի եւ Հալապչայի մէջ կը հասկնանք հայ ժողովուրդի տառապանքը եւ կրած ահաւոր վնասը:
Մենք կանքնած ենք Ձեր կողքին ճանաչման, ներողութեան եւ հատուցման հարցերով քանի որ ան կը հանդիսանայ դաս եւ արգելք նման դէպքեր չկրկնուելու համար:
Քիւրտիստանի ժողովուրդը իր ամենաջերմ զգացումներով կը յարգէ Ձեր ժողովուրդը եւ մեծապէս կ՛արժէւորէ Իրաքահայութեան դերը Իրաքի մէջ բազում տարիներու ընթացքին:
Մենք՝ «Կը յիշենք եւ կը պահանջենք » նշանաբանով կանգնած ենք ձեր կողքին ցեղասպանութեան հարցը մոռացութեան չտրուելու համար. բռնութիւնը մէկ դար յետոյ եւս չկրցաւ յիշողութիւնը չնչել, քանի որ իրաւունքը չի կորսուիր երբ անոր յետին կանքնած է իր պահանջատէրը:
http://horizonweekly.ca/news/details/68070

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

June 2015
M T W T F S S
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
2930  

Արխիւ