«Արմէն» ճամբարը պիտի «նուիրուի» Կետիկփաշայի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ

«Արմէն» ՃամբարըՊՈԼԻՍ.- «Մարմարա» կը գրէ. «Թուզլայի «Արմէն» ճամբարի փլուզումին դէմ ցուցաբերուած բողոքի ընդդիմութիւնը, ըստ Շաբաթ, Մայիս 23ի երեկոյեան ռումբի պէս պայթած լրատուութեան մը՝ տուած էր իր բարեդէպ արդիւնքը եւ ճամբարին հողամասը պիտի վերադարձուէր հայ համայնքին։ Բայց հետաքրքրականը այն էր, որ պետութիւնը չէ՛ր որ այդ կալուածը ապասեփականացնելով պիտի վերադարձնէր հայ համայնքին, այլ կալուածի այժմու սեփականատէրը, գործարար Ֆաթիհ Ուլուսոյ, որ որպէս խղճմտանքի հարց, այդ կալուածը պիտի «նուիրէր» Կետիկփաշայի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ։

Անմիջապէս հրապարակի վրայ դրուեցան եւ «Հիւրրիյէթ» հրատարակեց Ուլուսոյի կողմէ կատարուած յայտարարութիւններ, ըստ որոնց՝ հողամասի այժմու սեփականատէրը կը հաստատէր, որ իրապէս ինք 25 միլիոն լիրա արժողութեամբ այս կալուածը պիտի նուիրէ հայ համայնքին։ Թէ որքան ճիշդ էր 25 միլիոնի այս ակնարկութիւնը, յայտնի չէ, միայն թէ ասիկա խոստում մըն էր, որ յայտնի չէ, թէ երբ պիտի գործադրուէր։ Ուստի «Նոր Զարթօնք»ի անդամները, ինչպէս նաեւ «Քեմբ Արմէն»ի զօրակցութեան խմբակի մասնակիցները կը յայտարարէին, որ պիտի շարունակէին ճամբարին առջեւ պահակ սպասել մինչեւ որ կալուածաթուղթը պաշտօնապէս յանձնուի հայերուն։

Աւելի ուշ, Ուլուսոյի կողմէ կատարուած այլ յայտարարութիւններ ալ հրապարակուեցան։ Այս անգամ յայտնի դարձաւ, որ Ֆաթիհ Ուլուսոյ նուիրատուութեան այս որոշումը ընդունած էր՝ ընթացք տալով կառավարութեան կողմէ եկած թելադրութիւններու ու խնդրանքներու։ Այս հողամասին համար իրեն խնդրանք եւ հրահանգ ներկայացուցած էին վարչապետ Ահմետ Տաւութօղլու, Պոլսոյ քաղաքապետ Գատիր Թօփպաշ, իշխող կուսակցութեան Պոլոյ կազմակերպութեան նախագահ Սելին Թեմուրճի, Թուզլայի թաղապետ Սատի Եազըճը։

Ուլուսոյ ապա կու տար այս հրահանգիչ բացատրութիւնը. «Այս օրերուն, երբ 1915ի առնչութեամբ այլազան մեկնաբանութիւններով կը գրգռուին մեր հաւաքականութեան զգայնութիւնները, որպէսզի իմ նպաստը բերեմ մեր հայ հայրենակիցներու մտածումներուն ու զգայնութիւններուն, նաեւ որպէսզի նպաստեմ մեր երկրի ընկերային հաշտութեան ու միասնութեան, կը յայտարարեմ, որ որոշեցի այս կալուածը նուիրել Կետիկփաշայի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ»։

Իր կարգին, «Թարաֆ» թերթը հաղորդած է, որ «Մտածումի Բեմահարթակ»ի անդամներէն Յարութ Էօզեր, որ սկիզբէն ի վեր այս հարցով բանակցութիւն վարողներէն մէկն էր, յայտնած է, թէ լաւագոյն լուծումը նկատուած էր կալուածը հայ համայնքին նուիրելու գաղափարը։ Կարելի է ենթադրել, որ պետական շրջանակները չուզեցին պետական որոշումով ապասեփականացնել այդ հողամասը ու պաշտօնապէս զայն վերադարձնել իր բուն տիրոջ, այսինքն հայերուն, եւ ընտրեցին նուիրատուութեան տարբերակը, որպէսզի ասիկա իբր օրինակ չծառայէ բռնագրաուած հարիւրաւոր ուրիշ կալուածներու համար։

Ինչ որ ալ ըլլան խնդիրին ներքին փուլերը, «Արմէն» ճամբարին զօրակցութեան յանձնախումբը յաղթանակ մը տարաւ այս խնդիրով, որուն համար շնորհաւորելի է։ Յարութ Էօզեր յայտնեց, թէ կ՛ակնկալուի, որ կալուածաթուղթը յառաջիկայ շաբաթ յանձնուի»։

http://asbarez.com/arm/archives/226732

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

May 2015
M T W T F S S
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
25262728293031

Արխիւ