ԱՄՆ-ի Ներկայացուցիչներու պալատ ներկայացուած է նոր բանաձեւ մը, որ կոչ կ՛ընէ Թուրքիոյ անյապաղ չեղեալ յայտարատել խօսքի ազատութեան իրաւունքի սահմանափակումներն ու յարգել համամարդկային իրաւունքները:
Ըստ Tert.am-ի՝ Asbarez.com-ը կը նշէ, որ H.RES. 279 բանաձեւը քոնկրէսական Ալան Կրայսընի նախաձեռնութեամբ Ներկայացուցիչներու պալատ ներկայացուած է անցած շաբաթ: Յայտնի է, որ անոր շուրջ քննարկումները պիտի կայանան Յունիս 2-ին: Աղբիւրը կը նկատէ, որ բանաձեւը, ըստ ամենայնի, չ՛ընդունուիր մինչեւ Թուրքիոյ Յունիս 7-ին կայանալիք խորհրդարանական ընտրութիւնները:
Տուեալ փաստաթուղթին հեղինակները իրենց խոր մտահոգութիւնը կը յայտնեն Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիպ Էրտողանի եւ անոր «Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութեան իշխանութեան օրօք ազատ արտայայտման իրաւունքի բնագաւառում առկայ լուրջ խնդիրներու առնչութեամբ:
Բանաձեւին մէջ կը նշուի, որ «Ժողովրդավար, բաց հասարակութիւն ունենալու համար թրքական կառավարութիւնը պարտաւոր է յարգել համամարդկային իրաւունքները, յատկապէս` խօսքի ազատութեան իրաւունքը»:
Փաստաթուղթին հեղինակները նաեւ կ՛ընդգծեն, որ Թուրքիոյ իշխանութիւնները սահմանափակած են մետիադաշտի, մասնաւոր ընկերութիւններու, ինչպէս նաեւ քաղաքացիական հասարակութեան գործօն անդամներու ազատ արտայայտուելու իրաւունքը:
http://www.yerakouyn.com/?p=82421

ԱՄՆ-ի Ներկայացուցիչներու պալատ ներկայացուած բանաձեւը կոչ կ՛ընէ Թուրքիոյ յարգել խօսքի ազատութեան իրաւունքը
•
Leave a Reply