Թուրքիոյ մէջ դանակահարած են իշխող կուսակցութեան թեկնածուն

Ռամազան ՏեմիրԹրքական «Միլլիյէթ» օրաթերթին կայքը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ Ալատաղ շրջանին մէջ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան` Ատանայի մէջ առաջադրուած երեսփոխանական թեկնածու Ռամազան Տեմիր շաբաթ երեկոյեան ընտրական հաւաքի մը ընթացքին յարձակումի ենթարկուած է:

Աշխատանքներով զբաղած թեկնածուին վրայ յարձակած են անծանօթ երկու անձեր` զինուած դանակներով: Թեկնածուն որովայնի շրջանին մէջ դանակի երեք հարուած ստացած է ու տեղափոխուած հիւանդանոց: Դէպքին մասին «Թուիթըր»-ի վրայ գրած է Թուրքիոյ մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարար Օմեր Չելիք:

http://www.aztagdaily.com/archives/241906

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

May 2015
M T W T F S S
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
25262728293031

Արխիւ