ԹԷԼ ԱՒԻՒ, «Արմէնփրէս» Քնեսեթ նախագահ Եուլի Էտելշթէյնը կոչ ուղղած է` վերանայելու Հայոց Ցեղասպանութեան հարցին գծով Իսրայէլի դիրքորոշման` տեղի ունեցած սպանութիւնները մարդկութեան դէմ «բարոյական բիծ» նկատելուն:
«Պատմութիւնը կարելի չէ փոխել: Դիւանագիտութիւնը այլեւս չի կրնար աղէտը ստուերել», Քնեսեթի նիստին յայտարարած է Էտելշթէյնը, ըստ իսրայէլեան «Ճերուզալեմ Փոսթ» օրաթերթին:
Անոր համաձայն` գաղտնիք չէ, որ Իսրայէլը Ցեղասպանութեան հարցին մէջ հակասական դիրքորոշման մէջ է: Եուլի Էտելշթէյն այս կեցուածքը նկատած է «շատ անվճռական եւ շատ զուսպ»:
«Որպէս հրեայ` մենք չենք կրնար լուռ մնալ: Մենք չենք կրնար աչք խփել կամ նուազեցնել հայկական ողբերգութեան տարողութիւնը», յայտարարած է Քնեսեթի նախագահը:
http://asbarez.com/arm/archives/224663

Քնեսեթի նախագահը կոչ ուղղած է` վերանայելու Ցեղասպանութեան հարցին գծով Իսրայէլի դիրքորոշման
•
Leave a Reply