Էրտողան պատմաբաններու հետ պիտի քննէ Հայկական հարցը

ԷրտողանՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թրքական «Աքշամ» թերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան հինգշաբթի, մայիս 7ին, ճաշասեղանի մը շուրջ պիտի համախմբէ Հայկական հարցին մէջ մասնագիտացած պատմաբաններն ու ակադեմականները։ Այս առիթով նախագահը պիտի ընդգծէ այս նիւթին շուրջ պատահածները մանրամասնօրէն քննարկելու ու ծանօթացնելու աշխատանքի մը կարեւորութիւնը։
Նախագահը պատմաբաններէն պիտի պահանջէ, որ անոնք Թուրքիոյ դիրքաւորումն ու «1915ի ճշմարտութիւնները» ամբողջ աշխարհին պատմելու ուղղութեամբ աշխատանք տանին։ Այս առիթով ճաշասեղանի շուրջ պիտի քննարկուին նաեւ Երեւանի հանդիսութիւններուն մասնակիցներուն, ինչպէս նաեւ Ֆրանսիս պապին եւ շարք մը այլ ղեկավարներու հասցէագրուած Թուրքիոյ ազդարարագիրներուն հետեւանքները։
Asbarez.com

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

May 2015
M T W T F S S
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
25262728293031

Արխիւ